Լրահոս

ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ ՄԻՇՏ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ հրադադարի խախտումները կը շարունակուին։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները երէկ ուշ երեկոյեան զանազան տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներով կրակ բացած են սահմանի արեւելեան հատուածէն ներս տեղակայուած հայկական դիրքերուն վրայ։

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ «ԺԱՄԱՆԱԿԻ ԱՆԻՒԸ» ԽՈՐԱԳՐԵԱԼ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

Երեւանի մէջ բացուեցաւ «Ժամանակի անիւը» խորագրեալ ցուցահանդէսը, նկարիչ Մոնի Յովսէփեան առաջին անգամ ներկայացուց տասն տարուան ընթացքին ստեղծած աշխատանքները։ Այսպէս, կրաֆիք-նկարիչ Մոնի Յովսէփեան «Ժամանակի անիւը» անհատական ցուցահանդէսին առաջին անգամ արուեստասէրներուն կը ներկայացնէ իր տասն տարուան ընթացքին ստեղծած շերտակտաւները (քիւիլթի):

ԲՈՎԱՆԴԱԿ ԹՈՒՐՔԻԱ ՄԵԾՆ ԱԹԱԹԻՒՐՔԸ Կ՚ՈԳԵԿՈՉԷ՝ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ԱՆՍԱՀՄԱՆ ԿԱՐՕՏՈՎ

Թուրքիոյ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի մահուան 84-րդ տարելիցն է այսօր։ Բովանդակ Թուրքիան Մեծն Աթաթիւրքը կ՚ոգեկոչէ՝ երախտագիտութեամբ եւ իր թողած աւանդին տէր կանգնելու գիտակցութեամբ։

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԻՐԱԿԱՆ ՑԱՒԸ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Առիթով մը հեռաւոր ափերու վրայ ապրող եւ հայ մամուլի «դարաւոր» երախտաւորներէն մէկուն խմբագիրը, որ բարեկամս էր, հարց տուաւ. «Ինչո՞ւ այսքան շատ կը գրես Լիբանանի մասին». չպատասխանեցի բարեկամիս, փափաքելով մինչեւ վերջ լսել իր դիտարկումը։

ՄԻՇՏ ԿԱՊԻ ՄԷՋ

Փաշինեան-Փութին հեռախօսազրոյց՝ 44-օրեայ պատերազմին վերջ տուած հրադադարէն երկու տարի անց:
Զախարովա. «Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութիւն հաստատելու ուղղեալ Ուաշինկթընի բարի նպատակները հարցեր կը ստեղծեն»:

ԱՌԱՆՁՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ

Կեանքի փիլիսոփայութիւնը՝ մանաւանդ բարոյագիտութեան տեսակէտէ, ունի ինչպէ՛ս շատ հետաքրքրական դրսեւորումներ, այնպէս ալ բանաձեւումներ։ Տարբեր արժեհամակարգերու մօտեցումները երբեմն այնպէս մը կը համընկնին, որ զիրար ո՛չ միայն կը լրացնեն, այլեւ կը հաստատեն։

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՓԱՔԸ…

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ամէն անգամ որ հանրահաւաքներ կը կազմակերպուին, կը կորսուին այն առիթները, որոնց միջոցաւ կարելի պիտի ըլլայ վերջապէս ամբողջական իշխանութիւն մը ապահովել:
Հայաստանի ընդդիմութիւնը վրիպման ճանապարհին՝ մինչ արտաքին ազդակներու ուշադրութիւնը կեդրոնացած է մանաւանդ Երեւան-Պաքու բանակցութիւններուն վրայ:

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ՎԵՐՋ ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ Ուաշինկթընի մէջ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի նախաձեռնութեամբ ու միջնորդութեամբ կազմակերպուած հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։

Էջեր