Ա՛Ն ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆՆ Է…
Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան նախաձեռնութիւնը լի ու լի արդարացած:
Արմատներն ու կիրքը։
Աշխարհահռչակ երաժիշտի ծննդեան 120-ամեակին առթիւ Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած հաւաքոյթին մասնակիցները հնարաւորութիւն ունեցան խորաթափանց կերպով պատկերացում կազմելու անոր անկրկնելի հանճարին շուրջ։
Դաշնակահար Շահան Արծրունի. «Եթէ Կոմիտաս արդի հայ երաժշտութեան հիմնադիրն է, ապա Արամ Խաչատուրեանն ալ աշխարհի վրայ հայկական մշակոյթին երաժշտական դեսպանն է»։
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին երէկուան հերթական հրատապ քննարկումը գործնականօրէն ոչինչ փոխած է. պատանդ դարձած ժողովուրդը անտէրութեան, անորոշութեան եւ ֆիզիքական ոչնչացման լուրջ սպառնալիքներու ճիրաններուն մէջ կը տառապի անխնայօրէն:
Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան պատմական նախաձեռնութիւնը։
Այսօր Սեպտեմբերի 21-ն է եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր անկախութեան 32-րդ տարեդարձը կը նշէ՝ ցարդ տօնախմբուածներէն բոլորովին տարբեր պայմաններու ներքեւ։ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ ձեռնարկուած հակաահաբեկչական միջոցառումներու յատուկ գործողութիւնները արդէն շուրջ մէկ օրուան ընթացքին հասան իրենց նպատակին։
Արցախի եւ Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակով պայմանաւորուած՝ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութիւնը որոշած է յետաձգել՝ աշխարհահռչակ երաժիշտ Արամ Խաչատուրեանի 120-ամեակին ձօնուած հանդիսաւոր համերգը, որ վաղը երեկոյեան տեղի պիտի ունենար Հարպիյէի «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» համերգասրահին մէջ։
Արցախի դէմ Ատրպէյճանի «հակաահաբեկչական միջոցառումներու յատուկ գործողութիւնները» երէկուընէ ի վեր պատճառ կը դառնան նոր մահերու եւ վիրաւորներու:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Արցախէն հասած լուրերէն անմիջապէս վերջ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ան յայտնեց, որ Ատրպէյճան սկսած է Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը էթնիք զտումներու ենթարկելու ուղղեալ ցամաքային գործողութեան։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն անդրադարձաւ Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն։
Կը տեղեկանանք, որ այս օրերուն Երեւանէն քաղաքս կ՚այցելեն երեք գիտնականներ՝ Աստղիկ Բալայեան, Թամարա Աղամալեան եւ Կարոլինա Սահակեան։ Անոնք կը մասնակցին վերապատրաստման դասընթացքի մը, որ ուղղուած է նախկին խորհրդային երկիրներու գիտնականներուն։
Թուրքիոյ նախագահը Արցախի հակամարտութեան օրակարգով նախաձեռնութիւնով հանդէս եկած է: Առաջարկած է քառակողմանի ձեւաչափով՝ Ռուսաստան, Թուրքիա, Հայաստան եւ Ատրպէյճան հանդիպում մը կազմակերպել: