ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ ԿԸ ՏԱՆԻ ԿԱՊԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՊԱՏՈՍԱՐԱՆ ԲԱՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Ռուսաստան Կապանի մէջ հիւպատոսարան մը բանալու ուղղեալ աշխատանքները արդէն գործնական դաշտ կը տեղափոխէ։ Նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Կապանի մէջ գլխաւոր հիւպատոսութեան հաստատման յառաջապահ խումբի ղեկավարին եւ Մեղրիի քաղաքապետին հանդիպումը։
Ատրպէյճան Հայաստանի հետ սահմանին վրայ կառուցած է՝ 19 նոր զօրամաս եւ 140 մարտական կէտ:
Աշխարհահռչակ անմոռանալի լուսանկարիչ լուսահոգի Արա Կիւլէրի թողած ժառանգութիւնը այնքան մեծ է, որ զանազան առիթներով կը շարունակէ ներշնչանքի դուռ բանալ, նաեւ մերօրեայ հասարակութեան աչքին վերակենդանացնել զանազան կերպարներ։
Մայրաքաղաքի ահաբեկչական վերջին դէպքը բաժակը յորդեցուց. Անգարայէն վճռական քայլեր:
Հարաւային Կովկասէ ներս կայունութեան հաստատման ուղղեալ որոնումները ներկայիս բաւական հեռու են յոյս ներշնչելէ։ Արցախի ամբողջական հայաթափումէն վերջ Պաքու-Երեւան առանցքին վրայ երկխօսութիւնն ալ կը կաղայ լրջօրէն։
Լեհաստանի կողմէ մարդասիրական օժանդակութիւն ուղարկուեցաւ Հայաստան՝ Արցախէն բռնի տեղահանուած հայոց կարիքներու դիմագրաւման նպատակով։ Երէկ երեկոյեան օժանդակութիւնը փոխադրած օդանաւը հասաւ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանը։
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննա յայտարարեց, որ իր երկիրը կը շարունակէ ջանքեր գործադրել՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ բանաձեւի մը ընդունման շուրջ։
Հայաթափուած Արցախի մէջ ներկայիս կը տիրէ ամայութիւն։ Կարմիր խաչի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Ստեփանակերտի մէջ արդէն քանի մը հարիւր հոգի մնացած է։ «Reuters» գործակալութեան հաղորդումներով, Ատրպէյճանի ոստիկանութիւնը պարեկութիւն կ՚իրականացնէ փողոցներուն մէջ։
Իլհամ Ալիեւի հետ Կրանատայի ժամադրութեան ընդառաջ Նիկոլ Փաշինեան զրուցեց Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէնի հետ: Արարատ Միրզոյեան եւ փոխ-վարչապետները տեղեկութիւններ տուին Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններուն: Արմէն Գրիգորեան Թեհրանի մէջ ընդունուեցաւ Ամիր Ապտուլլահիանի կողմէ: Հայաստանի ղեկավարութիւնը այսօր կը հիւրընկալէ Քաթրին Քոլոննան:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) ներկայիս գործի լծուած է՝ Արցախէն տեղահանուած հայերուն զօրակցելու, անոնց օժանդակութիւն փութացնելու համար։ Անցեալ շաբաթ Արցախէն տարհանուած աւելի քան 100 հազար հայերու առաջին կանգառը եղաւ Հայաստանի Սիւնիքի մարզի Գորիս քաղաքը։