ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ՆԵՐԽՈՒԺՈՒՄ
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
«Մենք այժմ կը գտնուինք Ատրպէյճանի՝ Հայաստան ներխուժման անմիջական սպառնալիքի տակ»: Սա կ՚ըսէ ո՛չ թէ որեւէ քաղաքագէտ կամ վերլուծաբան: Սա մէջբերում մըն է ԵՄ-ի մօտ Հայաստանի առաքելութեան ղեկավար Տիգրան Բալայեանի հարցազրոյցէն:
Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Ճան Ուսթապաշըի պաշտօնավարութեան շրջանը աւարտին հասնելու վրայ է։ Կը հաղորդուի, որ յառաջիկայ դեկտեմբերի 7-ին նախատեսուած է Վաքըֆներու խորհուրդի 6-րդ շրջանի կազմին ընտրութիւնը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի չմասնակցի ԱՊՀ-ի Պիշքեքի գագաթաժողովին։ Երէկ վարչապետը ծաւալուն հարցազրոյց մը տուաւ Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան։
Նշան Մուրատօղլու պարգեւատրուեցաւ՝ Իսթանպուլի ոսկերչութեան տօնավաճառի ծիրէն ներս:
Երեւանի քաղաքապետարանէն ներս այս առաւօտ տեղի ունեցաւ մայրաքաղաքի նորընտիր աւագանիին անդրանիկ նիստը։ Մօտաւոր անցեալի ընտրութիւններով ձեւաւորուած աւագանին քաղաքապետ ընտրեց Տիգրան Աւինեանը, որ 2018-ի իշխանափոխութենէն վերջ միջոց մը վարած էր Հայաստանի փոխ-վարչապետի պաշտօնը։
Մոսկուա թէեւ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ նոր շփում մը ապահովելու հետամուտ էր, սակայն, ըստ երեւոյթին, այս փուլին այդ սպասումը չ՚արդարանար։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզին երէկ յայտարարած էր, որ ԱՊՀ-ի ժողովներու շրջանակներէն ներս, հոկտեմբերի 12-ին, Պիշքեքի մէջ հանդիպում մը կրնայ տեղի ունենալ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն մասնակցութեամբ։
Արցախի հայաթափման ծանր հետեւանքները կը բիւրեղանան զանազան երեսակներով։ Այս ամբողջին մէջ առանձնապէս ուշադրութեան առարկայ են այն աւելի քան 30 հազար երեխաները, որոնք ստիպուած իրենց տուներէն փախած են երկու շաբաթ առաջ՝ ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով։ ԻՒՆԻՍԷՖ մասնագիտական զգուշացումով մը հանդէս եկաւ անոնց պարագային։ Արդարեւ, առանց անյապաղ աջակցութեան՝ անոնց հոգեկան առողջութիւնը կրնայ վատթարանալ։
Հանրապետութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ նոր եկեղեցի մը կառուցուեցաւ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, իսկ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Թիֆլիզի մէջ հիւրընկալուեցաւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի կողմէ, նաեւ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հոկտեմբերի 18-ին, Սթրազպուրկի մէջ ելոյթ մը պիտի ունենայ Եւրոխորհրդարանի լիագումար նիստի ընթացքին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս մասին տեղեկացուց Եւրոխորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեցոլա, որ վերջին օրերուն Նիկոլ Փաշինեանի հետ զրոյց մը ունեցաւ Կրանատայի մէջ կազմակերպուած՝ Եւրոպական քաղաքացիական համայնքի անպաշտօն գագաթաժողովի ծիրէն ներս։