ՓՈՒԹԻՆ ՈՐԵՒԷ ԽՈՉԸՆԴՈՏ ՉԻ ՏԵՍՆԵՐ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ այժմ՝ Ղարաբաղի իրադարձութիւններէն վերջ որեւէ խոչընդոտ չի տեսներ՝ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի կնքման համար։ «Համոզուած եմ, թէ սա միանգամայն հնարաւոր է։ Կան զուտ թեքնիք հարցեր՝ կապուած սահմանազատման ու սահմանագծման հետ։
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան յայտարարեց, որ եթէ Կազզէի հատուածին վրայ Իսրայէլի յարձակումները չդադրին, ապա հակամարտութիւնը կրնայ ընդլայնուիլ եւ այլ կողմեր եւս կրնան ներգրաւուիլ։ «Եթէ սիոնիստական վարչախումբին կողմէ իրականացուած այս կազմակերպուած պատերազմական յանցագործութիւնները անմիջապէս չդադրին, ապա կրնանք որեւէ հաւանականութիւն պատկերացնել», ըսաւ ան՝ Պէյրութի մէջ ունեցած շփումներուն զուգահեռ սարքած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն Իսրայէլ-Պաղեստին առկայ սաստիկ պատերազմի մթնոլորտին մէջ կ՚իրականացնէ տարածաշրջանային ուղեւորութիւն մը։ Շփումներու առաջին փուլին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի հետ տեսակցելէ վերջ, Էնթընի Պլինքըն հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Պաղեստինի Ինքնավարութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպասի հետ։
Երեւանի մէջ երէկ սկսաւ «Տիճիթեք-2023» տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու եռօրեայ տօնավաճառը, որ կազմակերպուած է 18-րդ անգամ։ Սա, ըստ էութեան, մեծ ցուցահանդէս մըն է, որուն կը մասնակցին բազում ընկերութիւններ, որոնք կ՚արտադրեն տրոններ, ելեկտրական մեքենաներ, կը զբաղին գիտահետազօտական ու տիեզերական հետազօտութիւններով, կը կատարեն ծրագրային ապահովման աութսորս ու կ՚իրականացնեն տեղական արտադրութիւն։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն երէկ Թել Աւիւի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի հետ։ Պատերազմական ծանր իրավիճակի մէջ տեղի ունեցաւ պետական քարտուղարին ուղեւորութիւնը, որու շրջանակներէն ներս ան անցաւ նաեւ Յորդանան։
Տիգրան Աւինեան երդուելով կոչուեցաւ՝ Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնին:
Փութին-Ալիեւ երէկուան հանդիպման օրակարգի թիւ մէկ հարցն էր՝ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը:
Երեւանի մէջ բացուած «Հոգու հայելի» ցուցահանդէսին արձագանգները կը շարունակուին։ Անմոռանալի նկարիչ ու քանդակագործ Յակոբ Յակոբեանի ծննդեան 100-ամեակին ձօնուած այս ցուցահանդէսը լայնօրէն լուսաբանուած է նաեւ հայկական լրատուամիջոցներուն կողմէ։
Անմոռանալի նկարիչ եւ քանդակագործ Յակոբ Յակոբեանի ծննդեան 100-ամեակին առթիւ փայլուն նախաձեռնութիւն:
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այսօր հանդիպում մը կ՚ունենան Պիշքեքի մէջ, ուր տեղի կ՚ունենայ ԱՊՀ-ի գագաթաժողովը։ Քրեմլինի աղբիւրները նշեցին, որ ռուսական կողմը մեծ նշանակութիւն կու տայ այսօրուան շփման։