Լրահոս

ՔԱՂԱՔՆ ՈՒ ԴՊՐՈՑԸ…

Կեանքը, ինքնին, մարդակերտումի գործընթաց մըն է։ Քաղաքն ալ համապատասխան դարբնոցի մը կը նմանի թէ՛ իր միջավայրով եւ թէ ապահոված փորձառութիւններով, որոնք կը համալրեն՝ դպրոցի մէջ ստացուած դասական կրթութիւնը։ Քաղաքը նաեւ դուռ կը բանայ դէպի քաղաքակրթութիւն…

ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԷՋ ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Երէկ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ տեղի ունեցաւ գիրքի շնորհանդէս մը, որուն զուգահեռ նշուեցաւ նաեւ մեր համայնքի երէց սերունդէն տոց. Վահէ Ալիքսանեանի ծննդեան 98-րդ տարեդարձը։ Հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ «Կոմիտաս» սրահի երդիքին տակ, ուր ներկայացուեցաւ «Teşhiste Temel Bilgi - Propedötik» գիրքը, որ բժշկական աշխարհին տեսակէտէ մեծ արժէք կը ներկայացնէ։

ՇՐՋԱԴԱՐՁԱՅԻՆ ՓՈՒԼ

Անգարա Գահիրէի ուղղեալ քայլերը կը հասունցնէ՝ մինչ Դամասկոսի պարագան որոշ ժամանակի կը կարօտի:
Թուրքիա յաջողած է յարմար պահ մը գտնել՝ Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ մը բանալու համար:

ՄԱՀ՝ ԺԻՐԱՅՐ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Ժիրայր Դանիէլեան իր մահկանացուն կնքած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Լիբանանահայութեան խորհրդանշական դէմքերէն, տիրական անուններէն մին էր Ժիրայր Դանիէլեան, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ժամանակ վնասուած աչքին դարման փնտռելու համար միջոցէ մը ի վեր կը գտնուէր ԱՄՆ-ի մէջ։

ԻԿՈՐ ԽՈՎԱԵՒԻ ՊԱՔՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ռուս համանախագահ, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարի յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովաեւ երէկ շփումներ ունեցաւ Պաքուի մէջ, ուր ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։

«ԱՐՀԵՍՏ ՈՒՆԵՑՈՂԸ ՅԱՒԵՐԺ ՊԻՏԻ ԱՊՐԻ»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Շատ խօսուած է այն մասին, որ արհեստը «ոսկի ապարանջան» մըն է։ Մանաւանդ մեր (ի նկատի ունիմ Մերձաւոր Արեւելքի հայագաղութները, ուրկէ  կը սերիմ) հայագաղութներուն մէջ արհեստները մերոնց համար դարձան «փրկութեան լաստ»եր։

Ի՞ՆՉ ՀԱՂՈՐԴԵՑ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբեր Նետ Փրայս, (…) մեկնաբանելով Սոչիի եռակողմ հանդիպումը՝ կը վերաշեշտէր, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ ներգրաւուիլ յաջորդ ամիսներուն՝ դիւրացնելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկկողմանի հոլովոյթներու հետ, ինչպէս նաեւ բազմակողմանի կազմակերպութիւններու միջոցով քննարկումները:

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն մը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Պէյօղլուի ընտրութեան վերաբերեալ առկայ խնդիրները։ Թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու հետամուտ մէկէ աւելի թեկնածուական խումբերու կամ խմբաւորումներու ներկայացուցիչներ ելոյթներ ունենալով փորձեցին արժեւորել ստեղծուած իրադրութիւնը։

Էջեր