ԸՍՏ ՌՈՒԲԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻ, ՇՐՋԱՓԱԿՈՒՄԸ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՇՈՈՒՆ Է
Արցախի Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան երէկ հարցազրոյց մը տուաւ «France24» հեռուստակայանին։ Լեռնային Ղարաբաղի պաշարումով, Լաչինի միջանցքի փակ վիճակով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, Ռուբէն Վարդանեան Ստեփանակերտէն տեսակապով միացաւ այս հեղինակաւոր հեռուստակայանի ուղիղ եթերին։