ԸՍՏ ԻԼՀԱՄ ԱԼԻԵՒԻ, ՊԱՔՈՒ Կ՚ԱՋԱԿՑԻ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ Պաքուի մէջ ընդունեց Եւրոմիութեան խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Փիա Քաուման։ Հանդիպման ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան Հարաւային Կովկասի իրավիճակին եւ ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի դերակատարութեան շուրջ։
Երէկ, Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները։ Խորհուրդի ժողովէն առաջ անդամ քանի մը երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները սարքեցին մամլոյ ասուլիսներ եւ իրենց յայտարարութիւններուն մէջ կարեւորեցին Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութիւնը։ Անոնք շեշտադրեցին Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սատարելու կարեւորութիւնը։
Ազգային կրթութեան նախարար Եուսուֆ Թեքինի եւ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վարժարաններու վարիչներուն միջեւ նախատեսուած հանդիպման մանրամասնութիւնները կը յստականան։ Ինչպէս ծանօթ է, Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուի կողմէ կը համակարգուին այս ժամադրութեան պատրաստութիւնները։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր պաշտօնական այցելութեան կը ձեռնարկէ դէպի Լոնտոն։ Երկօրեայ ուղեւորութեան ընթացքին ան կը հիւրընկալուի Անգլիոյ իր պաշտօնակցին՝ Ճէյմս Քլեւըրլիի կողմէ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին ելոյթ մը ունեցաւ Տարիւլաճէզէի Ընկերային կեանքի աւանի բացման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին:
Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան Փարիզի համաժողովին ընթացքին հերթական անգամ ահազանգ հնչեցուց:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն յայտարարեց, որ չափազանց մեծ թիւով պաղեստինցիներ սպաննուած են Կազզէի մէջ։
«Երեւանը՝ քարտէսներու մէջ» խորագրեալ նախաձեռնութիւնը փայլուն յաջողութիւն արձանագրեց:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Այսօր բովանդակ Թուրքիան հերթական անգամ կ՚ոգեկոչէ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքը։ Իր մահուան 85-րդ տարելիցին առթիւ ամբողջ երկիրը կը խոնարհի իր անանց յիշատակին առջեւ ու կը վերանորոգէ անոր նկատմամբ անսահման երախտագիտական զգացումները։