ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԷՋ ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ
Երէկ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ տեղի ունեցաւ գիրքի շնորհանդէս մը, որուն զուգահեռ նշուեցաւ նաեւ մեր համայնքի երէց սերունդէն տոց. Վահէ Ալիքսանեանի ծննդեան 98-րդ տարեդարձը։ Հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ «Կոմիտաս» սրահի երդիքին տակ, ուր ներկայացուեցաւ «Teşhiste Temel Bilgi - Propedötik» գիրքը, որ բժշկական աշխարհին տեսակէտէ մեծ արժէք կը ներկայացնէ։