ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի հետ։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման փուլին մասնակցելու համար Նիւ Եորք մեկնած է նախագահ Էրտողան, որ կ՚ունենայ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի կեցավայրը ենթարկուած է թալանի։ Իրաւապաշտպան Կարապետ Պօղոսեան երէկ ընկերային ցանցերու վրայ գրառում մը կատարելով տեղեկացուց, որ Նորին Սրբազնութեան բնակարանը թալանուած է։
Էրտողան Փաշինեանին առաջարկած է՝ Փութինի եւ Ալիեւի հետ քառակողմանի հանդիպում մը կազմակերպել:
Պաշարեալ Արցախի ղեկավարութիւնը շաբաթավերջին լուրջ շրջադարձ մը կատարեց։ Ամիսներէ ի վեր Ստեփանակերտի ղեկավարութիւնը ձեռնպահ կը մնար պաշարումէ դուրս գալու համար ընդունիլ Լաչինի միջանցքէն տարբեր՝ այլընտրանքային ճանապարհ մը, սակայն արդէն վերջին օրերուն իրադրութիւնը փոխուեցաւ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Նիւ Եորք մեկնած է՝ մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 78-րդ նստաշրջանի բացման փուլի բարձր մակարդակի քննարկումներուն եւ ձեռնարկներուն։ Նոր նստաշրջանի բացման շրջանակին մէջ նախատեսուած են նաեւ Արարատ Միրզոյեանի երկկողմանի շփումները՝ այլ զանազան երկիրներէ գործընկերներու եւ ՄԱԿ-ի պաշտօնատարներու հետ։
Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններուն մասնակցեցաւ ընտրողներուն հազիւ 28.46 տոկոսը:
Երեւանի «Բացօթեայ օփերա» համերգներու շարքը աւարտին հասաւ հանդիսաւոր երեկոյթով մը:
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի յիշատակին հաստատուած համանուն մրցանակներուն 15-րդը երէկ երեկոյեան յանձնուեցաւ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ։
Հայաստանի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ընդառաջ, երէկ երեկոյեան, Երեւանի կեդրոնին տեղի ունեցաւ մեծ հանրահաւաք մը, որուն յաջորդեց նաեւ երթ մը։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւս մասնակցեցաւ այս մեծ հանրահաւաքին, որու ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը։
Աշխարհահռչակ երաժիշտ Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 120-ամեակին առթիւ Իսթանպուլի մէջ նախատեսուած պատմական ձեռնարկներուն թուականը կը մօտենայ: