ՈՒՂԻՂ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
«Պլէր հաուզ»ի մէջ, Ուաշինկթըն, երէկուան քննարկումներուն ժամանակ Արարատ Միրզոյեան եւ Ճէյհուն Պայրամով պայմանաւորուեցան՝ թափ տալ իրենց բանակցութիւններուն եւ յառաջիկայ շաբաթներուն դարձեալ հանդիպիլ:
Էնթընի Պլինքըն. «Երեւան եւ Պաքու խիզախ քայլեր կ՚առնեն խաղաղութեան հասնելու համար։ Այժմ նպատակն է զարգացնել այն դրական արդիւնքները, որոնք անցեալ մէկուկէս ամսուան ընթացքին արձանագրուեցան՝ ամերիկեան կողմի նախաձեռնած շփումներուն»: