Լրահոս

ԱԼԵՔՍԷՅ ՕՎԵՐՉՈՒՔ. «ՈՐԵՒԷ ԽՕՍՔ ՉԿԱՅ ԱՐՏԱՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ՄԻՋԱՆՑՔԻ ՄԱՍԻՆ»

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման համար բարենպաստ պայմաններ ստեղծելու նպատակով կը քննարկուի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) դիտորդները օգտագործելու հնարաւորութիւնը։

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՔԱՆԻ ՄԸ ՄԱՐՏԱԿԱՆ ԴԻՐՔ ԳՐԱՒԱԾ Է ՎԱՐԴԵՆԻՍԻ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վերջին բախումներուն արձագանգները կը շարունակուին։ Ստեղծուած ծանր հետեւանքներու մթնոլորտին մէջ Հայաստանի պատկան մարմինները կազմակերպեցին ուղեւորութիւն մը, որպէսզի Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դեսպաններն ու միջազգային կազմակերպութիւններու առաքելութիւններու պատուիրակութիւնները այցելեն այն սահմանամերձ շրջանները, որոնք Ատրպէյճանի յարձակումներուն հետեւանքով տուժած են լրջօրէն։

ԽԱՂԱԼ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՎՐԱՅ

Վերլուծաբան Տը Վաալի կանխատեսումը. «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի գլխուն աւելի փոթորկուն ամպեր կը կուտակուին»:
Մոսկուա ներկայացուցած է Երեւան-Պաքու խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծ մը, որով կը նախատեսուի յետաձգել Արցախի կարգավիճակի հարցը:

ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՇԱԲԱԹ ՓՐԱԿԻ ՄԷՋ ԾՐԱԳՐՈՒԱԾ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ԲԱՐՁՐ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՄՆԱԼ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ՎՐԱՅ

Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը թէեւ յատուկ ներկայացուցիչներու շփումներու իմաստով որոշ չափով թափը կորսնցուցած ըլլալ կը թուի, սակայն, միեւնոյն ժամանակ, այս ամբողջին մէջ գագաթնային շփում մը կը նախատեսուի։ Միջոցէ մը ի վեր օրակարգի վրայ է Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպման հաւանականութիւնը։

ԿԱՐԵՒՈՐ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔ

Հնդկաստան Հայաստանին պիտի տայ հրթիռային համակարգեր, ռատարներ եւ հակահրասայլային հրթիռներ:
Փաշինեան. «Աշխարհակարգը փուլ կու գայ բոլորին աչքին առջեւ, պէտք է ըլլանք կրկնակի ճկուն, պէտք է ընթանանք հիմնական ռազմավարական ուղղութիւններով, որպէսզի կարողանանք մեր երկրի անցընել այս փոթորկալի ովկիանոսով։ Հարիւր միլիոնաւոր տոլարներ վճարուած են, սակայն դաշնակիցներու կողմէ զէնքի մատակարարման պարտաւորութիւնները չեն կատարուիր»:

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ԿՈՂՄԷ ՅԱՐԱՏԵՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ջանքերով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի նախկին նախագահներու հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։

ՄԵԿՆԱԿԷՏԱՅԻՆ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ

Գիտական ուշագրաւ հետազօտութեան արդիւնքի ամփոփում. «Ի՞նչ կը մտածէ սփիւռքը 21-րդ դարուն»:
Աշխարհացրիւ հայութեան հանրային կարծիքը, համայնքներու առկայ հարցերը եւ մտածելակերպի առանձնայատկութիւնները մանրամասնօրէն ուսումնասիրուած են՝ յայտնի մտաւորական Հրաչ Չիլինկիրեանի մականին ներքեւ:

«ԵՐԵՒԱՆՆ ՈՒ ՊԱՔՈՒՆ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԵՆ ՓՈԽԿԱՊԱԿՑՈՒԱԾ ՉՈՐՍ ՕՐԱԿԱՐԳ»

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան «Ամերիկայի ձայն»ին հարցազրոյց մը տուաւ Ուաշինկթընի մէջ, Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի պատասխանատու Հիքմէթ Հաճիեւի հետ Սպիտակ տան երդիքին տակ նախընթաց օր ունեցած հանդիպման մասին, որ կազմակերպուած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճէյք Սալըվընի միջնորդութեամբ։

Էջեր