Լրահոս

ԵՊՀ ՄԵԾԱՐԵՑ ՆՈՒՊԱՐ ԱՖԷԵԱՆԸ

Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս երէկ պատուոյ տոքթորի կոչում շնորհուեցաւ ամերիկահայ յայտնի գիտնական, գործարար ու բարերար Նուպար Աֆէեանին, որ համահիմնադիրն է՝ քորոնաժահրի դէմ պատուաստանիւթ արտադրած «Moderna» ընկերութեան։

ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ-ԼԱՒՐՈՎ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Էնտոնեզիոյ Պալի կղզիին մէջ, ուր անոնք կը գտնուէին Մեծն քսանեակի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին առթիւ։

ԹԵՀՐԱՆ ԴԷՄ Է ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԷ ՆԵՐՍ ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ

Հայաստանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանիի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան բանակցութիւններ վարեց Շամխանիի հետ, որ օրուան տեւողութեան հիւրընկալուեցաւ նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։

ՄԵՐՔԵԼ «ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ»Ի ԳՈՐԾԱԿԻՑ

Գերմանիոյ նախկին վարչապետ Անկելա Մերքել պիտի գլխաւորէ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի մարդասիրական մրցանակի դատակազմը։ 2020 թուականին հաստատուած է այս մրցանակը, որու դափնեկիրին կը տրուի 1 միլիոն եւրօ։

ԿԸ ԳԻՏԱԿՑԻ՞ՆՔ, ՈՐ «ԳՈՐԾՆԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ» ՊԱՏՃԱՌՈՎ ՀԱՅԵՐԷՆԸ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐ ԸԼԼԱԼԷ ԴԱԴՐԱԾ Է

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Ո՞ւր է հայերէնի պաշտպանութիւնը, հայերէնը՝ որպէս ազգային հիմնական արժէք եւ ըմբռնում, կը պաշտպանուի՞ մեր ժողովուրդին եւ անոր ղեկավարութիւններուն կողմէ, Հայաստան եւ սփիւռքներ, որպէս գրական լեզու, հաւաքականութիւններու կողմէ խօսուած եւ գրուած հարազատ եւ անաղճատ լեզու, որ չըլլայ ոջիլի շուկայի լեզու (ֆլի մարքեթի, մարշէ օ փիւսի լեզու):

ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՒ ՓՈՒԹԻՆ ԶՐՈՒՑԵՑԻՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆՈՎ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան եւ Փութին անդրադարձան երկկողմանի օրակարգի շարք մը հարցերուն, նաեւ կանգ առին տարածաշրջանային խնդիրներու եւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակին վրայ։

ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԵՒ ՊՈՒԷՆՕ ՄԱՏՐԻՏԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ԻՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան դէպի Մատրիտ աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս երէկ ընդունուեցաւ Սպանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Խոզէ Մանուէլ Ալվարէս Պուէնոյի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները անդրադարձան երկու երկիրներու համագործակցութեան բազմաթիւ հարթակներու վրայ, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան շրջանակներէն ներս։

ԱՖԷԵԱՆԻՆ ՆՈՐ ԿՈՉՈՒՄ

Ամերիկահայ գիտնական ու գործարար, բարերար, քորոնաժահրի դէմ պատուաստանիւթ արտադրած «Moderna» ընկերութեան համահիմնադիր Նուպար Աֆէեան այս շրջանին յաճախ բարձր գնահատանքի առարկայ կը դառնայ զանազան հարթութիւններու վրայ եւ գիտական հաստատութիւններու կողմէ կ՚արժանանայ կոչումներու։

ՊԵՏԻԿԵԱՆ ՎԻՐԱՀԱՏՈՒԱԾ

Ցաւով տեղեկացանք, որ սփիւռքահայ մտաւորական Գէորգ Պետիկեան վերջերս ենթարկուած է գործողութեան մը։ Պետիկեանի հիւթեղ գրիչին արտադրութիւնը ուշադրութեան կ՚արժանանայ զանազան հարթակներու վրայ, սփիւռքեան լսարանի ամենահամակրելի անուններէն մին է ան։

Էջեր