Լրահոս

ԶՈՀԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ԱՐԴԷՆ 16

Երեւանի «Սուրմալու» մեծածախ առեւտուրի կեդրոնի համալիրէն ներս պատահած պայթումին հետեւանքով մահացածներու շարքին կը գտնուին օտարերկրեայ քաղաքացիներ:
Հայաստանի Քննչական կոմիտէն անյետաձգելի գործողութիւններով կը ջանայ պարզել ահաւոր դէպքին մանրամասնութիւնները. կան նաեւ հարցաքննուածներ, արտակարգ իրավիճակներու նախարարը կը բացառէ ահաբեկչութեան հաւանականութիւնը: Առողջապահութեան նախարարը տեղեկացուց, որ մասնագէտները բաւարար կը համարեն վիրաւորներու կացութիւնը:

ՑՆՑՈՒՄ ԵՒ ՆՈՐ ԱՆՈՐՈՇՈՒԹԻՒՆ

Երեւանի «Սուրմալու» մեծածախ առեւտուրի կեդրոնի համալիրէն ներս երէկ պատահած սարսափելի պայթումը խլեց զոհեր, կան նաեւ վիրաւորներ եւ կորսուածներ:
Ընկերային ցանցերու վրայ շրջանառութեան մէջ մտած լսումներն ու պնդումները կը պղտորեն հանրային կարծիքին միտքը՝ մինչ պաշտօնական մարմինները հաղորդեցին, թէ որեւէ պայթուցիչ նիւթ չէ գտնուած:

ԴԵՍՊԱՆ ՍԵՐՏԱՐ ՔԸԼԸՉ ՎՇՏԱԿՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ

Երեւանի «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ երէկ պատահած ահաւոր դէպքը արձագանգ գտաւ նաեւ Անգարայի մէջ։ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչը՝ դեսպան Սերտար Քըլըչ այս կապակցութեամբ գրառումով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ։

ՍԵՐՏԱՐ ՔԸԼԸՉԻ ԵՒ ՌՈՒԲԷՆ ՌՈՒԲԻՆԵԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՈՒԹ ԱՄՍՈՒԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ Է 500 ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը կը շարունակուի կողմերու յատուկ ներկայացուցիչներու՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի անմիջական շփումներով։ Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ շուրջ ութ ամիսէ ի վեր աշխատանքներ յառաջ կը տարուին՝ յատուկ ներկայացուցիչներու մակարդակով։

ՀՐԱԴԱԴԱՐԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴՐԱՅԱՐՈՅՑ 6-ՐԴ ԿԷՏԸ

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի նախագահներուն Սոչիի մէջ կայացած հանդիպումէն բխած հաղորդագրութիւնը ոչինչ կ՚ըսէ Արցախի հակամարտութեան մասին: Պարզ է, սակայն, որ քննարկումներ եղած են Ուքրայնայի պատերազմին շուրջ եւ յատկապէս թրքական միջնորդութեան՝ ո՛չ միայն հրադադարի, այլեւ հացահատիկի համաշխարհային տագնապի լուծման, Լիպիոյ մէջ թրքական գործօնին վերաբերեալ խնդիրներուն եւ Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն առընչութեամբ:

ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ՌԱԻՍԻ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակիցները քննարկեցին տարածաշրջանային զարգացումներուն եւ անվտանգութեան մարտահրաւէրներու վերաբերեալ հարցեր։

Էջեր