ԵՒԱ ՊԱՊԻԿԵԱՆ. «ԻՏԱԼԻՈՅ ՄԷՋ ԶԱՆԳՈՒԱԾԱՅԻՆ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐԸ ԿԱՐԵՒՈՐ ԴԵՐ ՈՒՆԵՑԱՆ ՄԱՀԱՑՈՒ ԱՅՍ ՎԱՐԱԿԻՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ»
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Եթէ քորոնայի այս տագնապալի օրերը անցնին, անկասկած որ միջազգային զանգուածային լրատուական միջոցներու վերլուծաբաններ պիտանի «հաշուարկներ» պիտի կատարեն, ընդհանուր իրավիճակներուն եզրափակիչ գնահատականներ հնչեցնելու համար։