ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խօսք. «Հրեաներուն Զատիկի տօնը մօտ էր» (Յհ 6.4):
Մեկնութիւն. Ասիկա երկրորդ Զատիկն է, որ Աւետարանը կը յիշէ, որովհետեւ առաջինին ժամանակ խարազանով տաճարէն դուրս հանեց, իսկ Պրոպատիկէի մէջ հիւանդը առողջացուց, Պենտէկոստէի կամ Տաղաւարահարացի տօնն էր: