«ԵՐԿՈՒ ԴՐԱԽՏՆԵՐԸ» (ՑԻՐՈՒՑԱՆ ԷՋԵՐ)
ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վերջերս աւարտեցի հայազգի մեծ գրող, բանաստեղծ եւ հրապարակագիր Վահան Թէքէեանի «Երկու Դրախտներ - ցիրուցան էջեր» գիրքը, որ լոյս տեսած է 2017 թուականին Իսթանպուլի մէջ, որպէս «ԺԱՄԱՆԱԿ 100 տարի» մատենաշարի հինգերորդ հրատարակութիւնը: Գիրքը կազմած, խմբագրած է ու ծանօթագրած է Սեւան Տէյիրմենճեանը, իսկ յառաջաբանը գրած է՝ Դոկտ. Վաչէ Ղազարեանը: