ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ՝ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՀԱՄԱՑԱՆՑԱՅԻՆ ԿԱՅՔԷՋ «HYPERALLERGIC»Ի ՀԻՄՆԱԴԻՐ ԵՒ ԳԼԽԱՒՈՐ ԽՄԲԱԳԻՐ ՀՐԱԿ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻ ՀԵՏ
Hyperallergic-ը համացանցային կայքէջ մըն է, որ բացառապէս կը վերաբերի արուեստի եւ մշակոյթի զանազան ոլորտներուն, ինչպէս՝ նկարչութիւն, ֆիլմաշխարհ, երաժշտութիւն, թատրոն… եւ այլն։ Կայքէջ այցելողը հո՛ն կը գտնէ համաշխարհային արուեստին վերաբերող լուսաբանութիւններ, փորձագրութիւններ, վերլուծական յօդուածներ, կարծիքներ, լուրեր, տեղեկագրութիւններ, հարցազրոյցներ, տեսերիզներ եւ զանազան նիւթեր։