Հարթակ

ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 90-ԱՄԵԱԿ. ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ՕՏԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ԽՏԸՇԵԱՆ

Եթէ երբեք նախնական ու համեստ բնութագրում մըն է դպրոց հասկացողութիւնը, ճեմարանը բաւարար է գոհացնելու ակադեմական որակումը 90-ամեայ կրթական այս օճախին, որ կոչուեցաւ «Հայ Ճեմարան» բառին իսկական տարողութեամբ ու ամբողջացաւ ազգային գաղափարախօսական տարազումով։

«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԷՊ ԱՌԿԱՅ ԴԺԳՈՀՈՒԹԻՒՆԸ ԲՈՂՈՔԻ ՆՈՐ ԱԼԻՔ ՊԻՏԻ ԲԵՐԷ»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մինչ աշխարհի տարածքին քորոնա վարակը սկսած է նահանջել (մասնաւորապէս Եւրոպայի տարածքին, անդին խոցելի կը շարունակէ մնալ Հարաւային Ամերիկայի՝ Պրազիլիան, Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսաստանը), Հայաստանի մէջ իրավիճակը բաւական մոխրագոյն, նոյնիսկ անմխիթար է։

ԻՇԽԱՆ

ՏԻՐՈՒԿ ՄՆԱԿԵԱՆ-ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ինը տարեկան էի: Մօրաքրոջս ձեռքէն բռնած, մտանք դարպասէ մը: Մուտքին՝ պահակի նման ծերունի մը նստեր էր եւ հանդարտ, անժպիտ, կը բարեւէր բոլորին:

ԳՈՅԱՏԵՒՈՒՄ

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

Վստահաբար ամբողջ Տիեզերքը իր համակարգով կ՚ընթանայ պայմանաւորուածութեամբ. մեզի յայտնի է արեգակնային դրութիւնը, յարաշարժ ու ժամանակացոյցի նման ընթացքով Արեւ լուսին աստղեր: Բայց մենք  գանք մեր Երկիր մոլորակին, ոտքերնիս թող դեգերի ցամաքամասերու վրայ, ինչ որ արդէն եղած է ու կը շարունակուի իբրեւ տեղափոխութիւն կամ գաղթ որպէս, ինչպէս որեւէ կենդանութիւն այս մոլորակի:

ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ

ՇՆՈՒՏԱ Գ. ՀԱՅՐԱՊԵՏ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Երբեմն կ՚աղօթեմ, սակայն աղօթած ատենս միտքս կը ցրուի, կ՚արագացնեմ աղօթքս ու կը մտածեմ թէ երբ կը վերջանայ… թէեւ կը սիրեմ աղօթել։
Պատասխան.
Միտքի ցրուումը բազմաթիւ պատճառներ ունի, որոնք երկու տեսակի կը բաժնուին.

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԹՈՒԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ՝ VLUME-Ը ԵՒ «ԳԱՆՁԵՐՈՒ ԿՂԶԻՆ» ՀԱՅԵՐԷՆ ՖԻԼՄԱՇԱՐԸ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Նախ ըսեմ, որ համաճարակի այս օրերուն, երբ բախտաւոր օր մը կարողացայ մեր տան մէջ ինը տարեկան թոռնիկիս՝ Հայկին ներկայութիւնը քանի մը ժամով վայելել, առաջին իսկ հերթին եւ իբրեւ լաւագոյն զբաղում, միասին համակարգիչիս վրայ քիթ-քիթի դիտեցինք «Գանձերու կղզին»ի ձայնագիրքի գծագիր եւ խօսուն ֆիլմին հայերէն տարբերակը:

ՆԱԽԱԽՆԱՄՈՒԹԻՒՆ, ԹԷ ՀՐԱՇՔ. ՄԻՆՉԵՒ ԱՅՍ ՊԱՀԸ ՍՈՒՐԻԱՆ ԻՆՉՊԷՍ ԿԱՐՈՂԱՑԱՒ ՊԱՇԱՐԵԼ ՀԱՄԱՎԱՐԱԿԸ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Քորոնան Սուրիոյ մէջ համավարկի տեսք չստացաւ։ Վերջին տուեալները կը յուշեն, որ 2011 թուականէն ի վեր արիւնալի պատերազմներու մէջ ապրած այդ երկիրը ինչ-ինչ պայմաններու բերումով կարողացաւ զերծ մնալ մահաբեր համավարակի ազդեցութիւններէն։

Էջեր