Հարթակ

ԵՐԳՉՈՒՀԻ ՍԻՊԻԼԻ ԳԱՂԱՓԱՐԸ ԻՐ ՇՈՒՐՋ ՀԱՒԱՔԵՑ ԱՄԲՈՂՋ ՍՓԻՒՌՔԸ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Պէյրութի հանդէպ երեւելի դարձած հոգատարութիւնը ուշագրաւ էր։ Նախքան Պէյրութը հարուածած աղէտը, կարգ մը գաղութներու մէջ կար որոշ հետաքրքրութիւն, որուն հիմքով եւ հոգատարութեան միտումով ալ մասնաւորապէս Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի հայկական համայնքները կազմակերպեցին տարբեր մակարդակի միջոցառումներ, որոնց հիմնական նպատակը լիբանանահայերուն օգնութիւն ցոյց տալն էր։

ՆԵՐԳԱՂԹԻՆ ԿԸ ՀԱՒԱՏԱ՞ՆՔ

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Հարցումս ուղղուած է Հայաստանի եւ սփիւռքի ղեկավարութիւններուն:
Փաստօրէն 2011-էն մինչեւ օրս՝ Սուրիոյ պատերազմի սկիզբէն մինչեւ 4 օգոստոսի Լիբանանի նաւահանգիստի պայթումը, զանազան փուլերով թէ՛ սուրիահայ եւ թէ՛ լիբանանահայ ընտանիքներ ուղղուեցան դէպի Հայաստան:

ԻՆՉՈ՞Ւ ՀԻՒՍԵԼԸ ՕԳՏԱԿԱՐ Է ՄԵՐ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ

ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Երբ հիւսել ըսենք, յաճախ կը մտաբերենք տարեց կին մը, որ բրդեայ բան մը կը հիւսէ սիրելիի մը համար…
Մինչդեռ այսօր բազմաթիւ երկիրներու մէջ հիւսելը դարձած է ընկերային երեւոյթ, որուն շնորհիւ կարելի է մեծ օգուտներ քաղել ֆիզիքական եւ հոգեկան առողջութեան համար:

ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Խօսք. «Երբ անոնք գացին, Ինքն ալ գնաց տօնակատարութեան, ո՛չ թէ բացայայտ կերպով, այլ՝ ծածուկ» (Յհ 7.10):
Մեկնութիւն.
Եւ թէ Քրիստոս ճշմարտապէս ըսաւ՝ «Ես այդ տօնակատարութեան պիտի չերթամ» չորս պատճառով. նախ՝ տօնակատարութեան սկիզբը չգնաց, այլ՝ չորրորդ օրը: Երկրորդ՝ անոնց հետ չգնաց, այլ՝ ետքէն:

ԳԱՅԻԱՆԷ ՄԱԾՈՒՆԵԱՆ. «ԿԻԶԱԿԷՏԸ՝ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆՆ Է»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի լիբանանահայութեան ուղղուած ծրագիրներու պատասխանատու՝ Գայիանէ Մածունեանի հետ ունեցանք զրոյց մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՇԱՐԱԿԱՆՆԵՐԸ

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Հայ Եկեղեցւոյ շարականները ինքնատիպ են եւ ոչ մէկ պարագայի թարգմանութիւն հնագոյն լեզուներէ։ Անոնք հազար տարիներու Հայ Եկեղեցւոյ Հայրերու կողմէ գրուած հոգեւոր երգեր են Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած՝ կրօնական եւ ազգային դէպքերու յատուկ արձագանգներով։

ՆՈՐ ՕՐԵՐՈՒ ՓԱՌԱՏՕՆԱՅԻՆ ՁԵՒԱՉԱՓԻ ԱՌԱՋՆԵԿ

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Հայաստանի մէջ 22 օգոստոսէն 1 սեպտեմբերի միջեւ կայացաւ «Fresco - Արդի արուեստի եւ հոգեւոր շարժապատկերներու» միջազգային փառատօնը: Անկախ ամէն նկատառումէ, յուսադրիչ է, որ գտնուեցան մարդիկ, որոնք համավարակի պայմաններու տակ ձեռնարկեցին նման աշխատանքի:

Էջեր