ՄԵՐ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԻՒՍՈՒԱԾՔԸ
ՑՈՂԻԿ ԱՇԸԳԵԱՆ
Տօնածառին լոյսերը կը վառին ու կը մարին: Կը նայիմ անոնց՝ անփոյթ եւ անգործ: Ի՜նչ լաւ է այս զգացումը, կը խորհիմ: Տաքուկ, հանգիստ եւ անհոգ, տունը նստած՝ տօնածառը կը դիտեմ:
ՑՈՂԻԿ ԱՇԸԳԵԱՆ
Տօնածառին լոյսերը կը վառին ու կը մարին: Կը նայիմ անոնց՝ անփոյթ եւ անգործ: Ի՜նչ լաւ է այս զգացումը, կը խորհիմ: Տաքուկ, հանգիստ եւ անհոգ, տունը նստած՝ տօնածառը կը դիտեմ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ Հայրերը Մեծ պահքի իւրաքանչիւր Կիրակին յատուկ անունով մը կոչած են, որոնց միջոցով հաւատացեալներուն առիթ տուած են մտածելու, ուսումնասիրելու եւ ինքնաքննութիւն կատարելու հոգեւոր առումով, որպէսզի Մեծ պահքի ճանապարհորդութեան իւրաքանչիւր հանգրուանը ճիշդ ճանապարհով անցնինք, յաղթահարելով ամէն տեսակի դժուարութիւն, փորձութիւն եւ չարին կողմէ իրագործուած իւրաքանչիւր յարձակում՝ երեւելի կամ աներեւոյթ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Միջին Արեւելքի մէջ իր ուրոյն տեղը կը գրաւէ Լիբանանը: Համայնքային դրութեամբ կառավարուող այս երկիրը, եղած է ու կը շարունակէ մնալ հայութեան Միջին Արեւելքի կարեւորագոյն գաղութներէն մին: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի աւարտէն անցած են աւելի քան քսանեօթ տարիներ, բայց եւ այնպէս երկիրը կը շարունակէ դիմագրաւել բաւական լուրջ մարտահրաւէրներ:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Խօսիլ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ շարականներու մասին, կը նշանակէ խօսիլ հայ ժողովուրդի քրիստոնէացման մասին, հայ հոգեւոր ապրումին մասին, աւելին՝ կը նշանակէ խօսիլ մեր նախահայրերու կեանքին ու Քրիստոսի սիրոյն նահատակուելուն մասին, անոնց ապրած ու զգացած յոյզերուն ու հաւատքին մասին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Աւստրալիոյ թեմի առաջնորդ Տ. Հայկազուն Եպսկ. Նաճարեան իրատեսական հայեացքներով կը ներկայացնէ այլ գաղութներու հետ համեմատաբար երիտասարդ համարուող Աւստրալիոյ համայնքին իրավիճակը: Սրբազան հայրը նաեւ չի թաքցներ, որ Աւստրալիոյ մէջ կեանքի պայմանները շատ տարբեր են Միջին Արեւելքի եւ Հայաստանի պայմաններէն, որոնք նաեւ պատճառ կը դառնան, որ համայնքային կեանքը տուժէ եւ սփիւռքի այդ կողմերու ապագային վերաբերեալ առկայ շեշտադրումները դրական երանգներ չունենան:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Փետրուար 19-ին, հայ ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը իր հանճարեղ բանաստեղծներէն Յովհաննէս Թումանեանի (1869-1923), որ իր բարձրարուեստ ու անմահ ստեղծագործութեամբ՝ արժանաւորապէս նուաճեց պատուանդանը «Ամենայն հայոց բանաստեղծ»ի կոչումին։
Մեծն Եղիշէ Չարենց իրաւամբ թարգմանը հանդիսացաւ հանուր հայութեան, երբ հայ գրականութեան «Հանճարեղ Լոռեցին» հռչակեց Թումանեանը։
ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ
Ընթացիկ տարեշրջանի առաջին կէսէն առաջ (2 Մարտին), Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի ունենայ նոր նախագահ մը, սակայն, 2015-ին ընդունուած ու վաւերացուած բարեփոխեալ սահմանադրութեամբ։
Մինչեւ վերջերս կար այն տպաւորութիւնը կամ շրջանառութեան մէջ դրուած էր այն վարկածը, որ Հայաստանի նախագահական ու վարչապետական կարգավիճակը պիտի ըլլայ Դաշնային Ռուսաստանի նմանողութեամբ, ձեւով մը կրկնօրինակը անոր։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Թրամփի վարչակարգը վճռած է մօտէն հետեւիլ Միջին Արեւելքի զարգացումներուն: Այդ անշուշտ չի նշանակեր, որ մինչեւ հիմա Միացեալ Նահանգներ «բարձիթողի» ըրած էր խնդիրները Միջին Արեւելքի, ուր շատ մը պարագաներու ինք, որպէս ոչ-օրկանիք մարմին մը կը մասնակցի դէպքերու հոլովոյթին։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Գալիֆորնիոյ ծովեզերեայ Սանթա Մոնիքա քաղաքի բնակիչներէն Միշէլ Թրիթըն՝ եոկայի (Yoga) ուսուցիչ է։ Եոկայի իր դասընթացքը սակայն տարբեր է ուրիշ դասընթացքներէ այն առումով, որ անոր դասարանը ազատ մուտք ունին այծերը, որոնք կը դեգերին քիչ մը ամէն տեղ։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Ռաս ալ Հայմի էմիր, Շէյխ Սաուտ պըն Սաքր ալ Ղասիմի բացումը կատարեց startup վեհաժողովին, որ առաջին անգամն ըլլալով կը կայանայ էմիրութեան Ալ Մարիան կղզիին մէջ:
Ծովեզերեայ startup վեհաժողովը առաջինն է, զոր «Startup Հայաստան» հիմնա-դըրամը կը կազմակերպէ Հայաստանի սահ-մաններէն դուրս: