Հարթակ

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊ՝ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Շաբաթավերջին յայտնի դարձած Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականէն ի վեր երկիրը մտած է նոր քաղաքական փուլ մը: Լիբանանեան քաղաքական կողմեր, որոնք բոլորն ալ հետամուտ են խնդրին շուտափոյթ լուծում մը տալու՝ կը յայտարարեն, որ էականը այս պահուն զգօնութիւնն ու ապահովութիւնը պահպանելն է:

ՀԱԼԷՊԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ. ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴ ԵՒ ՆԵՐԿԱՅ ԴՐՈՒԹԻՒՆ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Վերջին շաբաթներուն յատուկ կարգադրութեամբ մը կատարուեցաւ Հալէպը հարուածած պատերազմի թէժագոյն փուլերուն ընթացքին մահացած հանգուցեալներու աճիւններուն տեղափոխումը:

ԱՐԴԱՐԸ, ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՍԷՐԸ ԵՐԱԶ ԵՆ՝ ԱՌԱՆՑ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԵԼՈՒ ԿԱՄՔՈՎ ԱՐԱՐՄԱՆ

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Տարբերութիւնը մեր ըրածին եւ ընելու կարողութեան միջեւ պիտի բաւէր աշխարհի հարցերուն մեծ մասը լուծելու:
ՄԱՀԱԹՄԱ ԿԱՆՏԻ

Ազգերը չեն ապրիր առանց երազի: Պատմութիւնը աներազ ազգերու դամբարան է:

​ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԶԳԱՅԱՑՈՒՆՑ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՀԱՄԱՅՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԿԻԶԱԿԷՏԻՆ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Անցնող օրերուն Ռիատի մէջ կատարուած զարգացումները անշուշտ, որ իրենց հետքը պիտի թողեն Սէուտական թագաւորութեան ապագայ ընթացքին վրայ: Շաբաթ յետմիջօրէին, մինչ միջազգային լրահոսը կլանուած էր Լիբանանի Վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարման լուրով, ուշ երեկոյեան Ռիատէն կը հասնէին մէկէ աւելի հարցականներու դուռ բացող զարգացումներ:

 

ԱՅՍՕՐ…

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Նոյեմբեր 6. տարիի մը 310-րդ (նահանջ տարիներուն 311-րդ) օրը։ Տարիի մը վերջաւորութեան կը մնայ միայն 55 օր։ Կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն 6 Նոյեմբեր թուականին պատահած կարեւոր դէպքերէն մի քանին։

ՁԵՌՔԲԵՐՈՒՄՆԵՐ ՈՒ ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐ. ԼՐԱՑԱՒ ԶՕՐԱՎԱՐ ԱՈՒՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԻՆ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հոկ­տեմ­բե­րի 31-ին կը լրա­նար Լի­բա­նա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ զօ­րա­վար Մի­շէլ Աու­նի ընտ­րու­թեան եւ պաշ­տօ­նի ստանձն­ման ա­ռա­ջին տա­րե­դար­ձը:
Աուն, որ նա­խա­գա­հա­կան ա­թոռ կը հաս­նէր կեր­տե­լէ ետք քա­ղա­քա­կան բա­ւա­կան «թէժ» հա­մա­րուած կեն­սագ­րու­թիւն մը, կու գար լրաց­նել 28 ա­միս նա­խա­գա­հի չգո­յու­թեան հե­տե­ւան­քով ըս-տեղ­ծուած բա­ցը: 

ՏԻրան, Փետուրի Տ՚Արթանիանը

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Անոր աղջկան՝ Սիլվիա Աճեմեանին մղումով եւ հոգատարութեամբ, կը հրատարակուի գիրք մը՝ նուիրուած քաղաքական ծաղրանկարիչին: Անկասկած, Տիրան եղած է ժողովրդավարութեան ամենէն սուր եւ զուարճալի հրացանակիրներէն մին:

ԱՆՐԻ ԹՐՈՒԱՅԱ (ԼԵՒՈՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ, 1911-2007). ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ՎԱՐՊԵՏԸ

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Նոյեմբեր 1-ին, 106 տարի առաջ, լոյս աշխարհ եկաւ Լեւոն Թորոսեան անունով հայազգի արժանաւոր մանուկ մը, որ կոչուած էր Անրի Թրուայա գրչանունով իր բարձրադիր պատուանդանը նուաճելու ֆրանսական գրականութեան աշխարհահռչակ տաղանդներու փաղանգին մէջ։

ԱՐՁԱԿՈՒՐԴԸ

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Բենիկ- Գարեջուրի շիշերը բանա՞մ:
Գէորգ- Բաց, հապա ի՞նչ պիտի ընես, այսօր արձակուրդ է, այսպէս հանգիստ, խելքը գլուխը ճաշ մը ուտենք:
Ներսէս- Բաւական ծախսեցինք հա, տղա՛ք, հաշիւնիդ ըրէք, մի քանի օրէն տանտէրը կու գայ, վարձքին ժամանակն է:
Սագօ- Կ՚ըլլա՞յ օր մը չխօսինք ասոր մասին. ճաշին հոտը ի՜նչ անուշ է, հապա աղցանը, հմմմ ի՛նչ ախորժելի. նայէ՛, նայէ՛ հաւուն թեւիկները զիս կը կանչեն:
Ներսէս- Հատէ նստինք, ուտենք, յետոյ ալ լաւ մը սա տունը հաւաքենք:

Էջեր