ՇԱԲԱԹ ՄԸ ԾՈՎՈՒ ՎՐԱՅ
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Արձակուրդով Ալասքա երթալու ժամանակ, շաբաթ մը ծովու վրայ հաճելի օրեր անցուցինք ընտանիքս ու ես: Այդ շաբթուան ընթացքին, դիտումնաւոր, աշխարհէն կտրուած էի: Չէի ուզեր ո՛չ կարդալ, ո՛չ ալ գրել: Շքեղ զբօսանաւուն վրայ, տեղեակ չէի, թէ ի՛նչ կ՚անցնի կը դառնայ մեր մոլորակին վրայ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սիտնիի Առաջնորդարանին կազմակերպութեամբ, շաբաթ, օգոստոսի 4-ին, Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ «Էտկարեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ առաջնորդ Տ. Հայկազուն Եպսկ. Նաճարեանի, տեղի ունեցաւ Արաբական Ծոցի Ս. Գրքի ընկերութեան տնօրէն Տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի «Սփիւռքահայ կեանքեր ինչպէս որ տեսայ» գրքին շնորհահանդէսը: Հանդիսավարն էր Սեդա Յովակիմեան, որ ներկայացուց Տքթ. Ճէպէճեանը, ապա հրաւիրեց Առաջնորդարանի դիւանապետ Նշան Պասմաճեանը՝ ներկայացնելու համար նորատիպ գիրքը: