ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ ՀԱԼԷՊ ՔԱՂԱՔԻ
ԹԱԳՈՒՀԻ ԱԹՈՔԵԱՆ
Ընդհանրապէս ուրախ մթնոլորտի մէջ չենք զգար, թէ ինչպէս կը սահին ժամերը: Յաճախ ժամանակը կը հասնի իր աւարտին եւ մենք տակաւ կ՚ուզենք շարունակել մեր հաճելի ժամանցը եւ չենք ուզեր բաժնուիլ այդ ուրախ մթնոլորտէն. իսկ ընդհակառակը վշտալի եւ տառապալից օրերը կ՚երկարի՜ն եւ կ’երկարի՜ն այնքան՝ որքան ամենակարճ ժամանակամիջոցը մեր աչքին կը վերածուի ամիսներու, տարիի: Եւ ահա այդ վիշտը մարդուն մէջ կը գերազանցուի, կը մեծնայ, հոգին կը կրծէ, սիրտը կը հալեցնէ: