ԱՒԵՏԻՍ ՈՒ ՀԻԱՍԹԱՓՈՒԹԻՒՆ
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Օրը կը սկսի աւետիսով մը: Հեռաձայնը կը զնգայ, Տիկին Սաթիկ կը փութայ վերցնելու ընկալուչը: Կը սպասէր ան կարծես լուրի մը: Սիրտը կը բաբախէր անոր, գիշերը չէր ալ կրցած քնանալ, աչքերը թարթել. ինչե՜ր կ՚անցնին միտքէն Տիկին Սաթիկին մինչեւ ընկալուչին քով հասնիլը: