ԱՐՏՕՆԱԳԻՐ
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Պաշտօնական ամէն գործառնութիւն արտօնագիր պէտք է ունենայ. ամէն հաւաքականութիւն, միութիւն, եւ այլն, արտօնագիրի դրութիւն ունին, ծնունդ, պսակ, թաղում՝ արտօնագիր: Երկրէ երկիր ճամբորդութիւն՝, օ՜, ինչեր եւ արտօնագիր: Աջ դարձիր՝ արտօնագիր, ձախ դարձիր՝ նոյնպէս. վերջապէս քիչ մը շարժէ՝ արտօնագիր: Հսկողութեան ենթակայ է ամէն ոք: