ԵՐԿՐԱՅԻՆ ԴՐԱԽՏ
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Այս մէկը հեքիաթ չէ, հեռաւոր Ամերիկայի բարքերէն ալ չէ, այլ պատահած է հետս ու ընթացքը աւարտած չէ տակաւին. Կը յուսամ միջնորդ մը գտնել եւ խնդիրը կարգադրել:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Այս մէկը հեքիաթ չէ, հեռաւոր Ամերիկայի բարքերէն ալ չէ, այլ պատահած է հետս ու ընթացքը աւարտած չէ տակաւին. Կը յուսամ միջնորդ մը գտնել եւ խնդիրը կարգադրել:
Տեսակցեցաւ՝ ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
-Այս քսանհինգ տարուան ընթացքին ի՞նչ քայլերու կրնար դիմել Հայաստան, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մէջ նոր ծիր մը բանալու, եւ փոխարէնը ի՞նչ կրնար ընել Թուրքիան՝ նկատի ունենալով, որ վերջին յիսուն տարիներուն ընթացքին թրքահայերը այսքան իրաւունք չեն ստացած, որքան Նախագահ Էրտողանի առաջնորդած ԱՔ կուսակցութեան իշխանութեան գալէն ի վեր:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Արեւուն ճառագայթները կը ջերմացնեն անկողինս, կ՚արթնցնեն զիս: «Արդեօք ժամը քանի՞ է», կը մտածեմ ու ժամացոյցիս նայելով կը ցատկեմ տեղէս: Արդէն ժամը տասն է, ինչպէ՞ս քնացած եմ այսքան: Մայրս ալ, ինչպէս միշտ, չ՚արթնցներ. բայց որոշած եմ եկեղեցի երթալ: Օրը Ուրբաթ է, Զօրավար Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Պատարագ կը մատուցուի, ուր ընդհանրապէս կը համախմբուին սուրիահայերը: Պէտք է ելլեմ ու պատրաստուիմ, արդէն ուշացած եմ:
Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին առթիւ զրուցեցինք յայտնի լրագրող-հրապարակագիր, վերլուծաբան եւ «Անի» ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի ղեկավար Թաթուլ Յակոբեանի հետ։ Ստորեւ մը ներկայացնենք այս տեսակցութիւնը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մինչ Սէուտական Արաբիա-Իրան սրացումը կը շարունակէ մագլցում արձանագրել, Չեչենիոյ մայրաքաղաքը՝ Կրոզնիի մէջ 2 Սեպտեմբերին բացումը կը կատարուէր «Ո՞վ է սիւննի իսլամ» խորագրով ժողովի մը, որ վերջին տարիներուն աննախընթաց էր իր տեսակին մէջ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Իրողութիւն է, որ ուսում, կրթութիւն եւ կամ գիտութիւն ստանալը է՛ եւ կը մնայ մեր կեանքը իմաստաւորող գլխաւոր բաղադրիչներէն կարեւորագոյնը: Ուստի, ի՛նչ ալ ըլլան իբրեւ գլխաւոր բաղադրիչ մեր կեանքը հունաւորող միւս արժէքները, որքան որ անոնք բարդանան, արդիականանան եւ այժմէականանան. վերեւ նշուածները էական են եւ կը մնան մեր բոլորի կեանքի ուշադրութեան կիզակէտերը:
ՕՍԱՆ ՊԱԼԱՊԱՆԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Երախան պէտք է նախապատրաստել դպրոցական կեանքի, սակայն մի՛ մտահոգուիք, անոր գրել ու կարդալ սորվեցնելը դպրոցին պարտաւորութիւնն է:
ԱԶՆԻՒ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Հելէն Քէլըրի կեանքը նշանաւոր եւ ոգեշունչ պատմութիւն մը եղած է:
Ինչպէս բոլոր համրուած օրերը, նոյնպէս եւ ամրան արձակուրդի օրերը կ՚անցնին շատ արագ ու աննշմար:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Հիզպուլլահ» կազմակերպութիւնը օրերս կը նշէ 2006 թուականին Իսրայէլի կողմէ շղթազերծուած «Հարպ Թամուզ» («Յուլիսեան պատերազմ») անունով յայտնի պատերզամի աւարտին տասնամեակը: