ՊԵՆԻԱՄԻՆ ՆԵԹԱՆԻՅԱՀՈՒ ԿԸ ԹԱԿԷ ԳԱՀԻՐԷԻ ԴՌՆԵՐԸ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Եգիպտոսի Արտաքին գործոց նախարար Սամէհ Շուքրի պաշտօնական այցով կը ժամանէր Իսրայէլ: Վերջին անգամ Թել Աւիւ այցելող եգիպտացի արտաքին գործոց նախարարը՝ Ահմատ Ապու Ալ Ղայտն էր եւ այցը կը կատարուէր ինն տարի առաջ՝ 2007 թուականին: