ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄԸ ՄԱՐԴՈՒՆ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը կրկնենք, թէ բնութիւնը տեւական բարեփոխման եւ վերանորոգման ենթակայ է։ Արդարեւ, ստեղծագործութիւնն ալ նոյնպէս տակաւին կը շարունակուի բարեփոխուելով եւ հետզհետէ նորոգուելով, որպէսզի կատարեալին հասնի, բոլորովին կատարելագործուի։