ԳՏՆԵԼ ԲԱՅՑ ՆԱԵՒ ՊԱՀԵԼ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ եթէ փնտռէ որեւէ բան, մեծ հաւանականութեամբ կը գտնէ զայն, եթէ իրապէս կ՚ուզէ գտնել։ Բայց փնտռուածը գտնելէ աւելի կարեւոր է գտնելէ վերջ զայն պահել։ Արդարեւ ոչինչ պիտի արժէ փնտռուածը գտնել, եթէ զայն պահելու մասին բծախնդիր չէ մարդ։