ԾԱՌԸ ԱՒԵԼԻ Կ՚ԱՊՐԻ ՔԱՆ ՄԱՐԴԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդուս կեանքը արարչագործութեան մեծագոյն հանելուկն է։ Ան կրնայ սրբանալ եւ իր աստուածային կոչումին կատարեալ ապացոյցը տալ, բայց կրնայ նաեւ ա՛յնքան վատթարանալ եւ ստորնանալ, որ նոյնիսկ դժոխքին բնակիչներուն զզուելի դառնալու դիրքին մատնուի։ Եւ այս հակադիր բոլոր վիճակները կը պատահին երբեմն նո՛յն մարդուն ժամանակաւոր երկրային կեանքին մէջ։