ԱՆՁ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՆՈՒՆ - Դ -
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Անուն» եզրին կարեւորութիւնը յայտնելէ ետք, ամէն մէկ անունի նշանակութիւնը գիտնալ «անձ»ին արդար եւ բնական իրաւունքն է. անձը իր կրած անունին իմաստը եթէ գիտնայ աւելի կը նոյնանայ անոր հետ եւ աւելի գիտակից կը վարուի, եւ իրաւո՛ւնք է եւ պարտք՝ գիտնալ իր կրած անուան նշանակութիւնը։