ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՏԱՐԱԿԱՐԾՈՒԹԻՒՆ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ խորհող, դատող էակ մըն է, այս կը նշանակէ, որ մարդիկ յաճախ գաղափարներու եւ համոզումներու տարբերութիւններ կ՚ունենան։ Ասիկա շատ բնական է, քանի որ անոնք նոյն տեսանկիւնէն չեն դիտեր իրերը եւ իրողութիւնները եւ անոնք աշխարհը չեն տեսներ նոյն աչքով։