ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒՄԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ պահքի 4-րդ Կիրակին՝ Ճաշու Աւետարանի «Անիրաւ Տնտես»ի առակին պատճառով, կոչուած է «Տնտեսի Կիրակի», ուր կը վերլուծուի տնտեսութեան կարեւորութիւնը, տնտեսութեան պատշաճութեան սահմանները եւ մանաւանդ տնտեսին անհատական նկարագիրը։