ՄԱՂԱՔԻԱ ԱՐՔԵՊՍ. ՕՐՄԱՆԵԱՆԻ «ԽՈՀՔ ԵՒ ԽՕՍՔ»ԷՆ ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ - Բ -
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ կը շարունակենք Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեանի «Խոհք Եւ Խօսք»ի ԾԷ հատուածը ներկայացնել։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ կը շարունակենք Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեանի «Խոհք Եւ Խօսք»ի ԾԷ հատուածը ներկայացնել։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անցեալի մասին տեղեկութիւն ունենալ, մանաւանդ անցեալը արժանահաւատ անձնաւորութիւններու վկայութեամբ ուսումնասիրել եւ դիտել, նկատելի է, որ ներկան շատ աւելի հասկնալի եւ դիւրութեամբ ըմբռնելի կ՚ընէ, քանի որ ան շատ աւելի յստակ կը տեսնուի։ Այդ իսկ պատճառով է որ անցեալին պէտք է կարեւորութիւն ընծայուի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բնութեան մէջ հակադիր ուժեր են չարը եւ բարին՝ մէկը ժխտական, միւսը դրական։ Մէկը՝ վնասակար, միւսը՝ օգտակա՛ր։ Եւ բարին չարին դարմանն է միշտ, որուն կարելի է ըսել նաեւ՝ սխալի մը սրբագրութիւնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անկարելի՜ է մարդկային սէրը ըմբռնել առանց ըմբռնելու անոր տառապանքը, ցաւը, վիշտը սրտին մէջ՝ զոր կը ստեղծէ սէ՛րը։
Կա՛ն այնպիսի տառապանքներ՝ որոնք սէր կը ստեղծեն, եւ կա՛ն այնպիսի սէրեր, որոնք ցաւ ու տառապանք կը ստեղծեն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Այլակերպութիւն» կը նշանակէ կերպարանափոխութիւն, ձեւափոխութիւն, կերպարանքէ մը՝ ուրիշ կերպարանք անցնիլ՝ կերպափոխութիւն։ Ուստի եթէ հարցը արտաքին տեսքի, ձեւի փոփոխութիւն է, երկրաւոր արժէքի մը փոփոխութիւնը կ՚ենթադրէ, իսկ եթէ հոգեւոր աշխարհի, ներքին փոփոխութիւն մըն է, ասիկա հոգեպէս, ներքնապէս փոխուիլ է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պօղոս Առաքեալ, կորնթացիներուն գրած իր առաջին նամակին մէջ կը սահմանէ «սէր»ը, եւ կ՚ըսէ, թէ՝ սէր ունեցողը համբերատար եւ քաղցրաբարոյ, երկայնամիտ, այսինքն՝ ներող կ՚ըլլայ։ Արդարեւ ներողամտութեան նախապայմանն է՝ հանդուրժողութիւն, համբերութիւն եւ քաղցրաբարոյ նկարագիր։ Այն որ կը համբերէ՝ կը հանդուրժէ եւ գոնէ երկար ժամանակ չի գրգռուիր բարուկան վատ զգացումով եւ կը ներէ։ Ներել, տեսակէտով մը կը նշանակէ իր «Ես»էն չտարուիլ եւ զոհողութիւն ընել, զիջանիլ եւ համբերե՛լ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը կրկնենք՝ «առողջութիւն»ը իր ընդհանուր եւ լայն առումով, պէտք չէ՛ հասկնալ միայն «մարմնական առողջութիւն»։ Արդարեւ, մարդ միայն մարմնաւոր էակ մը չէ, այլ նաեւ՝ հոգեւոր եւ մտաւոր, բանական էակ մըն է։ Ուրեմն չի բաւեր միայն «մարմնական առողջութիւն»ը՝ կատարեալ առողջ մարդ մը ըլլալու համար, հապա պէտք է նաեւ հոգեկան ու մտային առողջութիւնը, ըսենք՝ կատարելութիւնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պէտք է խոստովանինք, թէ մեր ամէն կարդացածին չենք հաւատար, մանաւանդ երբ գրուածին նիւթը «անձ» մըն է։ Յաճախ խորհած ենք թէ՝ եթէ նոյն գրուածքները տարիներ վերջ կարդացուին, կարդացողներ պիտի կարծեն կամ պիտի ենթադրեն, որ իր մասին գրուած «անձ»ը՝ «դիցաբանական հսկայ» մըն է իր իմացական յատկութիւններովը եւ գեղարուեստական տաղանդովը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Թերեւս անձնական տկարութիւն մըն է՝ երբ օդը տաք է, միտքս կ՚ամլանայ, գոնէ աւելի դանդաղ կ՚աշխատի քան գաղջ կամ պաղ օդի մը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Վեց օր ետք, Յիսուս իր հետ առաւ Պետրոսը, Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը՝ երկու եղբայրները եւ զանոնք բարձր լեռ մը հանեց, ուր առանձին էին։ Հոն այլակերպեցաւ անոնց դիմաց. իր դէմքը արեւու նման լուսաւոր դարձաւ եւ հագուստները լոյսի նման ճերմակ եղան» (ՄԱՏԹ. ԺԷ 1-2)։