ԱՇԽԱՏԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աշխատասիրութիւնը աստուածային պատուիրան մըն է՝ մարդուս առաջին անմեղ վիճակին մէջ իսկ տրուած Աստուծոյ կողմէ՝ մարդ արարածին. «Եւ չորրորդ գետը Եփրատ է։ Եւ Տէր Աստուած առաւ մարդը ու Եդեմի պարտէզին մէջ դրաւ, որպէսզի զանիկա մշակէ ու պահէ» (ԾՆՆԴ. Բ 15)։ Ուրեմն, կը տեսնուի, որ աշխատանքը երբեք պատիժ մը չէ՛ մարդուն, այլ՝ կոչում մը, արարչութեան պատճառ եւ հետեւանքներէն մի՛ն։