ԳԻՐՔԵՐՈՒ ԼՈՅՍ ԱՇԽԱՐՀԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Գիրքերը մարդուս ամենէն հաւատարիմ ու անկեղծ բարեկամներն են, իսկ գրադարանները՝ լուսաւոր եւ ապահով պատսպարանն է, որ հեռու կը պահէ մտքի խաւարի ամէն տեսակ վնասաբեր ազդեցութիւններէն։ Եւ այս իմաստով, իրապէ՛ս գիրքերը եւ գրադարանները «լոյս աշխարհ»ի մը կը վերածեն մութէն ու խաւարէն տագնապած ու տուայտած մարդը։