ԳՈՐԾԻՔԸ ԵՒ ԳՈՐԾԱԾՈՂԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ, ամբողջ պատմութեան ընթացքին, իր կեանքը դիւրացնելու համար գործիքներ, առարկաներ հնարած է, որոնք իրապէս դիւրատար ըրած են կեանքը։ Եւ դարձեալ մարդ, ժամանակի ընթացքին գործիքները, առարկաները դասաւորած է եւ մանաւանդ բաժնած է երկու գլխաւոր մասերու՝ բարի գործի ծառայող գործիքներ եւ չար գործի ծառայող գործիքներ։