ՄԱՂԱՔԻԱ ԱՐՔԵՊՍ. ՕՐՄԱՆԵԱՆԻ «ԽՈՀՔ ԵՒ ԽՕՍՔ»ԷՆ ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ հատուածներ կը ներկայացնենք Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեանի «Խոհք Եւ Խօսք»էն։
«Հայրս եռանդուն կերպով զաւակներուն կրթութեան եւ ուսման հետամուտ՝ առաջները տեղւոյն թաղական եւ տնական դպրոցներէ կ՚օգտուի, եւ վերջէն Վիչէնին ու Կոմիտասին Լաբլանշի վարժարանը լրացեալ ընթացք կատարել կու տայ, եւ Եւգինէն Սիմոնեանց մօտ գիշերօթիկ կը դնէ, եւ անոր երկու տարի մնալէն ետքը կը հանէ եւ Լուսիկը կը դնէ։