«ԲԱ՛ԽՏ» Կ՚ԸՍԵՆ ՈՄԱՆՔ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Բախտ», «դիպուած», «պատահար» կ՚ըսեն շատեր այն դէպքերուն՝ որոնց պատճառը յայտնի չ՚ըլլար եւ կը պատահին անակնկալ կերպով։ Բայց սա անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, որ ո՛չ մէկ իրողութիւն, ո՛չ մէկ իրադարձութիւն կամ դէպք կը պատահի առանց պատճառի։