Հոգե-մտաւոր

ԱՆԱՊԱՏԷՆ՝ ՀԱՅՐԵՆԻՔ, ՀԱՅՐԵՆԻՔԷՆ՝ ԱՆԱՊԱՏ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վերջին քանի մը ամիսներուն համաշխարհային մամուլը լայն տեղ յատկացուց Իսլայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ տեղի ունեցած բախումներուն։ Սա քաղաքական մանրամասնութիւններէն անդին՝ մանաւանդ հայերուս համար ունի բարոյական դասեր, որոնց պակասը նկատելի է:

ԽԻՂՃԸ ԵՒ ԿԱՄՔԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Բարոյական կեանքի բոլոր հարցերուն ապահով առաջնորդն է խիղճը. ասիկա այն երկնային ձայնն է, որուն հետեւելով մենք Աստուծոյ կը նմանինք, այս պատճառաւ ալ մարդուս պատիւը, իր խղճի ձայնին անսալուն մէջ կը կայանայ։ Մարդ առանց խղճի անասուն մըն է»։

ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ ՀԱԶԱՐ ԴԱՍԱԳԻՐՔ Կ՚ԱՐԺԷ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր թուականէն 131 տարիներ առաջ՝ 1893 թուականին Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանի մէջ Գաբրիէլ Ռշտունի անուն պատանի մը հայերէն լեզուի դասապահին կը սկսի անգիր ասմունքել ուսուցիչին կողմէ որպէս դաս պահանջուած Ռափայէլ Պատկանեանի «Արաքսի արտասուքը». Ռշտունի կը սկսի ասմունքել ապրումով՝ իւրաքանչիւր տողին ու բառին արժէքը տալով:

ԱՐԴԱՐ ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Քննադատութեան օգտաբեր դերակատարութիւնը կարելի չէ անտեսել եւ ուրանալ։ Գիտակից եւ բանականութեամբ գործող մարդիկ քննադատութեան շնորհիւ կը վերարժեւորեն իրենց գործունէութիւնները եւ յարաբերութիւնները։

«ՉԱԼՂԸՃԻ» ԿՈՄԻՏԱՍԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մարդուժի պատրաստութեան լոյսին տակ կ՚ուզենք օրինակ վերցնել Կոմիտաս Վարդապետը. մարդուժ՝ որ իր ամբողջ կեանքը նուիրաբերեց ի սէր հայ մշակոյթին, սակայն իր անձնուրաց զոհողութիւններուն դիմաց վաստակեց ատելութիւն եւ գնահատանքի փոխարէն հակառակորդներ ձեռք ձգեց:

ՄԱՐԴՈՒԺԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԻՔԸ ՉՈՒՆԻՆՔ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մի քանի օրեր առաջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը 2024 թուականը հռչակեց «Մարդուժի պատրաստութեան տարի». նոյն մարդուժի պատրաստութեան գծով մեր օրաթերթի մէջ մի քանի օրեր առաջ լոյս տեսաւ գրութիւն մը՝ «Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը՝ մարդուժի պատրաստութեան առանցքային կեդրոն» խորագրով. այլ խօսքով կը տեսնենք, թէ երկու Աթոռները իրենց գործունէութեան հիմնական մէկ մասը կ՚ուզեն դարձնել «մարդուժի պատրաստութիւն»ը:

ՃՇՄԱՐԻՏԸ ԵՒ ԽԱԲԷԱԿԱՆԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սովորական է յաճախ լսել սա խօսքերը. «Պէ՛տք է ճշմարտութիւնը յայտնես, ճշմարտախօս ըլլաս», եւ կամ, «Ստախօսութիւնը վատ բան մըն է, սուտ մի՛ խօսիր»։ Եւ ամէն բարոյագիտական եւ կրօնական դրութիւններ, պատուէրներ կու տան սուտ չխօսելու մասին։

Էջեր