Հոգե-մտաւոր

ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ «ՍՈԽՆ ՈՒ ՍԽՏՈՐ»Ը

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Կար ժամանակ, որ ժողովուրդը ինք կ՚ընտրէր ու կը «ստեղծէր» իր գրողը, բանաստեղծը, քննադատը, վիպասանն ու յօդուածագիրը եւ այդ մէկը սեփական որոշում ըլլալէ անդին հասարակաց կարծիքին վրայ հիմնուած իրողութիւն մըն էր։

«ԽԵԼՔԻ՛ ԱՇԵՑԷՔ»

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Պատմաբաններ թող նստին ու շարունակեն ուսումնասիրել Վասակի դաւաճան ըլլալ-չըլլալու իրողութիւնը։ Ուզեն նզովեն, ուզեն սրբացնեն. այդ մէկը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ բան մը պիտի չփոխէ, որովհետեւ հայ ժողովուրդը Վասակը շուքի տակ ձգող դաւաճաններ շա՜տ ունեցաւ, ունի՛ եւ կը շարունակէ ունենալ. անձեր՝ որոնք կեանքի ամենէն դժուար պայմաններուն մէջ նոյնիսկ պատրաստ են անիրաւութիւն գործել՝ հեղձամահ ընելով ամէ՛ն տեսակ խղճմտանք ու գութ:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդոց իրարմէ կախումը հետզհետէ կը սաստկանայ։ Ան տակաւ առ տակաւ կ՚ընդարձակուի համայն աշխարհի տարածքով։ Մարդկային ընտանիքին միասնականութիւնը, իրարու համախմբելով բնական հաւասար արժանապատուութիւն վայելող արարածները, յառաջ կը բերէ «ընդհանրական հասարակաց բարիք» մը։

ԲԱՅՑ Ո՛Չ ԻՆՁ ՀԱՄԱՐ… ԱՅԼ ԼՈԿ ՔԵ՛Զ ՀԱՄԱՐ…

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր թուականէն տասնամեակներ առաջ քանի մը հայ երիտասարդներ հաւաքուելով կ՚որոշեն բառախաղ խաղալ։ Խաղի կանոնը հետեւեալն էր. խաղակիցներէն մին կ՚ընտրէր բառ մը եւ այդ բառին մէջ եղած տառերով խաղակիցներ բառեր ու գոյականներ պարտէին գտնել եւ կը շահէր ան, որ ամենէն շատ բառը կը գտնէր:

ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Իմաստութիւն կը նշանակէ խելահասութիւն, փորձառութիւն, խոհեմութիւն եւ հմտութիւն։ Այս իմաստով՝ իմաստունները անոնք են, որոնք կը հաւատան եւ իրենց առաքինի խորհուրդով, բարի գործերով եւ անշահախնդիր պաշտամունքով կը լուսաւորուին, կը լուսաւորեն իրենց շուրջ բոլորը եւ անոնք կը փայլին իրենց իմաստութեամբ։

ԱԶԳԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ԽԵՂԱԹԻՒՐՈՒՄԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր հայկական իրականութենէն ներս «ժամանակակից» բառը արդէն իսկ սկսած է վտանգաւոր տեսք մը ստանալ։ Արդարեւ, այդ դրական հնչող անուան տակ գրեթէ ամէ՛ն արժէք, ամէ՛ն սկզբունք կամաց կամաց սկսած է խեղաթիւրուիլ։

ԼՈՅՍԸ ԿԸ ԼՈՒՍԱՒՈՐԷ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Լոյսը կեանք է, ուստի լոյսին էական նպատակը լուսաւորել է, այսինքն՝ ամէն ինչ երեւան բերել եւ ճշմարտութիւնը ցոյց տալ այնպէս՝ ինչպէս որ է։ Արդարեւ, առանց լոյսի ամէն ինչ ծածուկ, գաղտնի պիտի մնար եւ շատ գաղտնիքներ պիտի չլուծուէին։

ՅՍՏԱԿԵՑՈՒՄ ՈՉԽԱՐՆԵՐՈՒՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Քանի մը օր առաջ «Մարդուժի պատրաստութեան կարիքը չունինք» խորագրեալ յօդուածով հրապարակեցինք մարդուժի պատրաստութեան մասին մեր մտածումները՝ ըսելով. «Մեր ազգի դժբախտութեան պատճառը ինչպէս անցեալին, նոյնպէս այսօր մարդուժի պակասը չէ, որովհետեւ մարդուժի պատրաստութեան հիմնական ու կարեւոր նուիրական գործէն առաջ շատ աւելի կարեւոր ու առաջնահերթ խնդիրներու պէտք է լուծում տանք»:

Էջեր