Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիոյ անցեալ շուրջ մէկ տարուան հիմնական իրադարձութիւններուն անդրադառնալով՝ անպայման պէտք է կանգ առնել այդ երկրին մէջ առկայ տնտեսական բարդ դրութեան վրայ, որ կերպով մըն ալ համակարգի համընդհանուր փլուզման մեծ վտանգներուն մասին զգուշացումներ կ՚ընէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կասկած կա՞յ, սիրելի՜ բարեկամներ, որ ընտանիքը դրախտ է, եթէ զայն կազմող անդամները՝ գլխաւորութեամբ այր եւ կնոջ, համերաշխ են եւ ներդաշնակ։ Այս միասնականութեան մէջ կարեւորագոյն անդամը կինն է՝ որպէս մայր, որպէս միւս բոլոր անդամները միացնող, իրարու կապելու իր շնորհով։ Եւ այս իմաստով կիներու կը վերաբերի մեծ պատասխանատուութիւն՝ ընտանիքի մը մէջ միաբանութիւնը, համերաշխութիւնը եւ խաղաղութիւնը հաստատելու եւ պահպանելու եւ տեւականացնելու համար, որոնց շնորհիւ ընտանիքը կը վերածուի դրախտ՝ երկրի վրայ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայ գրականութեան կարեւոր ու հետաքրքրական դէմքերէն են Լեւոն Շանթն ու Նիկոլ Աղբալեանը, որոնք ինչքան համանման, նոյնքան հակառակ գաղափարի տէր մարդիկ էին։ Երկուքն ալ թունդ հայրենասէր ու նոր սերունդին նուիրուած մտաւորականներ, սակայն անոնց մէջ հիմնական տարակածութիւնը հաւատքի շուրջ էր. Աղբալեանի համար եկեղեցին եւ եկեղեցականը որպէս ազգային արժէք սրբազան նշանակութիւն մը ունէր, մինչ Լեւոն Շանթ հեռու էր թէ՛ եկեղեցիէն եւ թէ հաւատքէն եւ անոնց աշակերտներուն կողմէ պատմութեան էջերուն յանձնուած մի քանի դրուագներ ցոյց կու տայ այդ հակառակ ըմբռնումները:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համակրելի մեներգչուհիներէն Սիպիլ կը պատրաստուի այցելել Աւստրալիա։ Իր ուղեւորութիւնը տեղի կ՚ունենայ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հրաւէրով։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովին մասնակցելէ վերջ ժամանեց Անգարա։ Ան երէկ երեկոյեան հասաւ Թուրքիա, ուր այսօր կը հիւրընկալուի Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։
Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովի շրջանակներէն ներս, Օլաֆ Շոլց շաբաթավերջին մէկտեղեց Նիկոլ Փաշինեանն ու Իլհամ Ալիեւը, որոնք շուրջ վեց ամսուան ընդհատումէ մը վերջ ուղիղ շփում մը ունեցան, ինչ որ առիթ դարձաւ դրական պատգամներու հնչեցման, սակայն միշտ կան նաեւ մեղադրանքներ:
Երեւան-Պաքու առանցքին վրայ հերթական աշխուժութիւնը ապահովուեցաւ դարձեալ Արեւմուտքի դերակատարի մը միջնորդութեամբ: հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ նոր հանդիպում մը կը նախատեսուի՝ ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրին վրայ քննարկումներու շարունակման համար:
Վարչապետ. «Արձանագրուեցաւ, թէ կողմերը հաւատարիմ կը մնան իրենց պայմանաւորուածութիւններուն, 9 նոյեմբերի փաստաթուղթին մէջ չկայ որեւէ կէտ, որով Ռուսաստան պէտք է որեւէ բան վերահսկէ»:
Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին նշուեցաւ Ս. Թէոդորոս զօրավարի յիշատակութեան տօնը։ Արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Մեծ պահոց Արտաքսման կիրակիի արարողութիւններուն։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայկական գրադարանային ընկերակցութեան անդամները։ Ներկայ էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչութեան բաժնի եւ «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի տնօրէն Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեան։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահքի ութերորդ օրն է:
Համատեսական Աւետարաններուն մէջ կը կարդանք, թէ Տէր Յիսուս Քրիստոս քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր ծոմապահութեան շրջան մը անցուց, որու աւարտին փորձութեան ենթարկուեցաւ (Մտ 4.1-11: Մր 1.12-13: Ղկ 4.1-13):
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հին Թիֆլիզի հայոց պատմական Շամքորեցոց (Շամխորեցոնց) Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին փլատակներու կը վերածուի… Վերջին շրջանին զանազան շրջանակներէ ահազանգեր հնչեցին եկեղեցիի փլուզման շուրջ, սակայն եկեղեցին հաւանաբար այլեւս հնարաւոր չըլլայ փրկել... ամէն օր կառոյցէն կ՚անհետանայ քար մը, աղիւս մը, կը փոշիանայ հայկական հնագոյն հոգեւոր այս կառոյցը, որ Հաւլաբար հայկական թաղամասին մէջ կանգուն է 18-րդ դարէն:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը երէկ հիւրընկալեց Նաիրի Պետրոսեանն ու Անահիտ Չալիքեանը:
Նորին Ամենապատուութիւնը յաջողութիւն մաղթեց Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ մշտական ներկայացուցիչին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահքի վեցերորդ օրն է:
Եկեղեցւոյ հայրերը յաճախակի կերպով կրկնելով կը յիշեցնեն, թէ պահեցողութիւնը ո՛չ միայն ֆիզիքական հասկացողութիւն պէտք է ունենայ, այլ՝ առաւել եւս հոգեւոր հասկացողութիւն, եւ ամենէն կարեւորը հոգեւոր նպատակ:
Համայնքային շրջանակներէն ներս լայն արձագանգ գտած է Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի վերջին ընտրութեան առ ոչինչ համարման վերաբերեալ դատական իշխանութիւններուն կողմէ արձակուած յայտնի վճիռը։ Պատկան առաջին ատեանը միջոց մը առաջ արձակած էր դատավճիռ մը, որով այդ պահանջը մասամբ բաւարարուած էր։
ՏՔԹ. ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Հայրենիքի անկախութենէն ետք, 21 սեպտեմբեր 1991, համայն հայութիւնը՝ հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ ապրեցաւ անկախ ըլլալու բերկրանքը։
600 թշուառ տարիներէ ետք մենք ունեցանք մեր երազած հայրենիքը, բարձրացաւ մեր դրօշը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Կասկածէ վեր է, թէ Կազզէի գործընթացները անմիջական հետեւանքներ պիտի ունենան ո՛չ միայն Մեծն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, այլեւ թէեւ նուազ, սակայն զգալի ձեւով ազդու պիտի դառնան ամբողջ միջազգային բեմահարթակին վրայ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Աւազանի անունով Մինաս։ Ծնած է 29 յունուար 1947-ին, Պէյրութ, արաբկիրցի ծնողներէ՝ Սարգիս եւ Անժէլ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Եփրեմեան Ազգային վարժարանին մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սիրելիի մը համար կ՚աղօթենք։ Զայն կը խնամենք, վերջն ալ մեզմէ կ՚առնուի։ Հակառակ որ գիտենք, թէ իր ցաւերէն հանգչեցաւ, եթէ ընդունած էր Յիսուսի շնորհած փրկութիւնը, բայց տակաւին կ՚ատենք այդ հիւանդութիւնը, որ մեզ իրարմէ բաժնեց։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Դէմքեր կան, որոնք հակառակ իրենց կատարած գնահատելի ու մեծ աշխատանքին, ժամանակի ընթացքին մոռացութեան կը տրուին եւ իրենց անուան հետ կը կորսուի նաեւ արժէքը՝ որ որպէս ժառանգութիւն ուզեցին փոխանցել մեր ազգին:
Երեւանի Մատենադարանը վերջերս օժտուեցաւ նոր սարքաւորումներով։ Այսպէս, «Բադալեան եղբայրներ» ընկերութիւններու խումբի համահիմնադիր ու նախագահ Վահէ Բադալեանի կողմէ Մատենադարանին նուիրուեցաւ՝ ձեռագրերու կազմերու 3D ձեւաչափով սքենաւորման սարք մը, որու շնորհիւ էապէս կը մեծնայ ձեռագրերու կազմերու ուսումնասիրման առանձնայատկութիւններու որոշարկման, ինչպէս նաեւ հաւանական վնասներու բացայայտման հնարաւորութիւնը։