Արխիւ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը։ Ինչպէս բոլոր տաղաւարներուն, երէկ եւս աշխարհացրիւ հայ քրիստոնեաներու ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վրայ, ուր տաղաւարի արարողութիւններուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։
Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը աւանդական ոգեւորութեամբ նշուեցաւ Իսթանպուլի մեր եկեղեցիներուն մէջ։ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց եւ յաջորդած Խաղողօրհնէքին նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնի արարողութիւններուն նախագահեց Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, տաղաւարի նախորդող օրերուն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուղեւորութեան մը ձեռնարկած էր դէպի Թուրքիոյ հարաւային քաղաքները՝ մինչ զուգահեռաբար կազմակերպուած ուխտագնացութեան եզրափակիչ փուլը բնորոշեց Վաքըֆլըգիւղը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայ գիրքի մատենագիտութիւններու շարքը հարստացաւ եւս մէկով: Օրերս հետազօտողի սեղանին դրուեցաւ «Հայ գիրքը Թուրքիոյ մէջ» մատենագիտական շարքի Ա. հատորը, որուն մէջ ներկայացուած են Իսթանպուլի քաղաքային գրադարանէն ներս պահուող հայերէն եւ հայատառ թրքերէն գիրքերու մատենագիտական նկարագրութիւնները:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Բոլոր լեզուները իւրայատուկ են, անկասկած։ Սակայն գերմաներէնը այնքան անզուգական լեզու մըն է, որ կարելի է միայն մէկ բառով բացատրել այն, ինչ որ կը նկարագրուի երկար նախադասութիւններով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ճշմարտութիւն»ը՝ իբրեւ մարդու խօսքին եւ գործի միջեւ ճշդութիւն, կը կոչուի «ճշմարտախօսութիւն», անկեղծութիւն կամ ուղղամտութիւն։
Ճշմարտութիւնը կամ ճշմարտախօսութիւնը այն առաքինութիւնն է, որ կը կայանայ իր արարքներուն մէջ ինքզինք ուղիղ պահելու եւ ճիշդը ըսելու մէջ, զգուշանալով երկդիմութենէն, ձեւացումէն եւ կեղծաւորութենէն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդկային ընկերութիւնը, անցեալին հակառակ, էութիւնը թերագնահատելով աւելի կարեւորութիւն կու տայ երեւոյթին, որովհետեւ այսօր մեր շուրջ գրելէ ամէ՛ն մարդ երեւութապաշտ է՝ քան իրապաշտ: Փոխանակ ձգտելու ըլլալ այն՝ ինչպէս որ կ՚ուզեն երեւիլ, կը նախընտրեն երեւիլ՝ առանց ըլլալու:
Երէկ, Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ ճարտարապետ Նշան Եաղուպեանի ազգային յուղարկաւորութեան կարգը, որուն նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Նշան Եաղուպեանի կորուստը վերջին օրերուն մեծ ցաւ ստեղծած էր համայնքային շրջանակներէն ներս։ Ան մասնագիտական գետնի վրայ ծաւալած էր բեղուն աշխատանք՝ մինչ տասնամեակներ շարունակ մեր համայնքին համար ալ մատուցած էր երախտաշատ ծառայութիւն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աւետարանը քի՛չ բան կ՚ըսէ Աստուածամօր կեանքի մասին. արդարեւ մէկ անգամ կը տեսնենք զայն Բեթհեղէմ՝ ծննդաբերելէ առաջ։ Մարդահամարին մասնակցելու նպատակով այդ քաղաքն ալ կը ծնի Յիսուսը։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր Վերափոխման տաղաւարին առաջնահերթութիւն կը ստանայ նշել Իր խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, Աստուածային տնօրինութեան նկատմամբ հաւատաւոր կեցուածքը։ Եւ այդ բոլորը կը յայտնաբերուի Սուրբ Աւետարանի այն հատուածէն, որ յիրաւի օրհնութեան երգ մըն է բղխած՝ ի խորոց կուսական սրտէ եւ արտաբերուած՝ շրթունքներէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Յաճախ կան այնպիսի երեւոյթներ, որոնք նոր ըլլալ կը թուին, սակայն եթէ լաւապէս ուսումնասիրենք պատմութիւնը, պիտի տեսնենք, որ անոնք հազարամեակներու անցեալ մը ունին, պարզապէս մեր մէջ նոր ծիլեր կը սկսին տալ, ինչ որ պատճառը կ՚ըլլայ, որ «նոր» բան մը կարծուին: Նման իրողութիւններէն մէկն է տղոց աղջիկ դառնալու, իսկ աղջիկներուն՝ տղայ դառնալու տարօրինակ, սակայն մա՛նաւանդ վերջին տասնամեակին նոյնքան տարածուած արտասովոր երեւոյթը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղը՝ կիրակի, 14 օգոստոս 2022-ին Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի նշէ Տաղաւար տօներէն չորրորդը, Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածինին վերափոխումը: Մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երջանկայիշատակ միաբաններէն՝ Զարեհ Արքեպիսկոպոսին մէկ խորհրդածութիւնը այս տօնին կապակցութեամբ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Պատմութեան ընթացքին յաճախ թշնամի ըսելով հասկցած ենք թուրքը կամ ազերին, սակայն յետ այսու թշնամի ըսելով պիտի հասկնանք մենք մեզ, որովհետեւ թուրքը կամ ազերին չկրցաւ հայուն վնաս պատճառել այնքան՝ ինչքան մենք մեզ պատճառեցինք ու կը շարունակենք պատճառել:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ժամանակը որոշ, անցած, անցնող կամ անցնելիք պահն է: Երբեմն անոր կը հանդիպինք որպէս դարաշրջան, երբեմն փուլ, երբեմն ալ որպէս ստեղծագործութեան մը յառաջացման կարեւոր հաշուարկ։
ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԷՐՈՒԻՇ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Եթէ օր մը, տեղ մը վերադառնամ,
Արդեօք կը գտնե՞մ ինչ որ կար
Եւ ինչ որ պիտի ըլլայ՝
Առանձին նուագը
Եւ նուագը առանձին:
Քամփ-Արմէնի վերակառուցման նպատակով ստեղծուած յանձնախումբը նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցաւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի հետ։ Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուի կողմէ գլխաւորուած խումբը քաղաքապետին հետ տեսակցեցաւ Էմիրկեանի Սպիտակ ապարանքին մէջ։
Գնալը կղզիի մէջ երէկ սկսաւ Շիշլի մարզակումբի պատուոյ նախագահներէն հոգելոյս Ղազարոս Ունանի յիշատակին կազմակերպուած վոլէյպոլի մրցաշարքը, որուն կը մասնակցի տասն խումբ։
Անդրանիկ հովուապետական այցելութիւն՝ Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցի, Հրաշափառի արարողութիւն:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ հարաւի մեր եկեղեցիներու ծխական խորհուրդներուն հետ:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի նախագահներուն Սոչիի մէջ կայացած հանդիպումէն բխած հաղորդագրութիւնը ոչինչ կ՚ըսէ Արցախի հակամարտութեան մասին: Պարզ է, սակայն, որ քննարկումներ եղած են Ուքրայնայի պատերազմին շուրջ եւ յատկապէս թրքական միջնորդութեան՝ ո՛չ միայն հրադադարի, այլեւ հացահատիկի համաշխարհային տագնապի լուծման, Լիպիոյ մէջ թրքական գործօնին վերաբերեալ խնդիրներուն եւ Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն առընչութեամբ:
Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը Ֆէնէրի մէջ հիւրընկալած է Ուղղափառ եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի առաջնորդ Էլփիտոփորոս Մետրապոլիտը։ Այս հանդիպումը տեղական մամուլին մէջ ալ արձագանգ ստեղծած է։