Արխիւ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2022

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը վերջերս անմիջական ու մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ մեծարանքի հաւաքոյթ մը կազմակերպեց թաղի քարոզիչ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանին համար։ Ինչպէս ծանօթ է, ներկայ տարուան առաջին կէսին հայր սուրբը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին մեկնած էր՝ ուսումը կատարելագործելու համար։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց հաւաքական մկրտութեան արարողութեան։ Այսպէս, խորհրդակատարութիւնը տեղի ունեցաւ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի այն 11 աշակերտներուն համար, որոնք նախապէս չէին մկրտուած։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2022

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Արդեօք մարդոց բնաւորութիւնը կը փոխուի՞ նոր փորձառութիւններէն կամ ստացած տեղեկութիւններէն յետոյ։ Արդեօք մարդ կրնա՞յ իր սիրելիի վարքագիծը փոխել։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2022

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ հրադադարի խախտումները կը շարունակուին։ Ատրպէյճանի բանակը երէկ երեկոյեան դարձեալ յարձակում մը իրականացուց Հայաստանի դէմ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2022

Յայտնի համայնքային բարերարը այս անգամ կարեւոր յանձնառութեամբ մը հանդէս կու գայ մարզական աշխարհէն ներս՝ արժանանալով հանրային կարծիքին ուշադրութեան:
Ստորագրութեան հանդիսաւոր արարողութիւն. Տիգրան Կիւլմէզկիլի «Չաղտաշ ֆաքթորինկ» ընկերութիւնը պաշտօնապէս դարձաւ Կալաթասարայ ակումբի պասքեթպոլի կանանց կազմի հովանաւորը:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2022

Սեպտեմբերի 21-ի Հայաստանի Անկախութեան օրուան առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Հանրապետական մաղթանք եւ այցելութիւն՝ Եռաբլուր նահատակաց պանթէոն:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. «Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ահռելի կորուստներով կը մորմոքին մեր սիրտերը, վշտացած եւ խռովուած ենք մեր երկրին դէմ ոտնձգութիւններու պատճառով»:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2022

SAHAK II

Sayın Bedros Şirinoğlu’nun 21.09.2022 tarihinde basın yoluyla şahsıma yönelttiği ithamlarına karşılık açıklamamdır.
Öncelikle belirtmeliyim ki yönetim mantığı açısından ele alındığında, kamuya yönelik bu tür açıklamalar liderlik konumunda olan kişiler açısından tüm iletişim yolları tüketildikten sonra son bir çare dahi değildir.

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր ընդունեց Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը։
Սրբազան Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ եւ Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանի համամտութեամբ ու օրհնութեամբ, հայր սուրբը այսօր միջօրէին կը ճամբորդէ դէպի Նիւ Եորք եւ ժամանակաւորապէս իր կեցութիւնը կը հաստատէ Ս. Ներսէս ճեմարանէն ներս։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2022

Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին ղեկը ստանձնելու համար համայնքային շրջանակներու ջանքերով պատրաստուած է թեկնածուներու նոր ցանկ մը:
Ընտրութիւններուն ընդառաջ որդեգրուած ինքնագլուխ գործելաոճն ու զարտուղի նախաձեռնութիւնները ծնունդ տուին շօշափելի հակազդեցութեան եւ այդ խմորումներէն բխեցաւ գործնական շարժում մը:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2022

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1904)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ամենէն հին ժամանակներուն յայտնի էր, որ ծաղիկը չի՛ կրկնուիր եւ ով որ անգամ մը հիւանդացած է, ան այլեւս չի՛ վարակուիր, կամ եթէ ուղղակի վարակուի ալ, հիւանդութիւնը թեթեւ կ՚անցնի: 

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2022

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Այսօրուան Հայաստանը շունչը պահած կը սպասէ պատերազմի: Ժողովուրդը ահաբեկած է: Առօրեայ հոգերը մէկ կողմ ձգած, ազգաբնակչութիւնը կը խորհի ապաստարանները կարգի բերելու մասին:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի զբօսաշրջութեան լաւագոյն եղանակին՝ սեպտեմբերի կէսին, երբ առողջարանները, տեսարժան վայրերը տակաւին լեցուն էին զբօսաշրջիկներով, երբ հազարաւոր հայաստանցիներ եւ օտարներ Երեւանէն դուրս իրենց հանգիստն ու արձակուրդը կը վայելէին, Ատրպէյճանը Հայաստանի սահմանի ամբողջ երկայնքով լայնածաւալ յարձակման ձեռնարկեց:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2022

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Այն ատեն Պետրոս մօտեցաւ Յիսուսի եւ հարցուց.
-Տէ՛ր, քանի՞ անգամ եթէ եղբայրս մեղանչէ ինծի դէմ՝ պէտք է ներեմ իրեն. մինչեւ եօ՞թը անգամ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Աշխարհը որքան հարստանայ՝ մարդկութիւնը այնքան կ՚աղքատանայ, որովհետեւ ի սէր այդ նիւթականին մարդկային արժէքներն են որ կը մեռնին։
Այս մասին ինծի մտածել տուաւ մի քանի օրեր առաջ Երեւանի հիւանդանոցներէն նոր դուրս եկած տարեց պապիկ մը՝ «հիմա հիւանդութիւնը միայն հարուստներու համար է» արտայայտութեամբ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2022

BEDROS ŞİRİNOĞLU

İçişleri Bakanımız Sayın Süleyman Soylu Beyefendi'nin azınlık topluluklarının temsilcileriyle gerçekleştirdiği buluşmanın hemen sonrasında, o toplantıda geniş tabanlı istişarelerle sağlanan ortak anlayış doğrultusunda, Resmî Gazete'de seçim yönetmeliğiyle ilgili yeni düzenlemeler yayımlandı. Bu gelişme hem zamanlaması, hem de yarattığı ufuklar itibarıyla son derece önemlidir.

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2022

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սամաթիոյ ընտանիքի վարիչները։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին թաղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր եւ թաղային խորհուրդի ժրաջան անդամներէն Խաչիկ Էօզտեմիր։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Հետաքրքրական առած մը լսած եմ աշխատասիրութեան մասին, որ կ՚ըսէ. «Ո՛վ ծոյլ, մրջիւնին գնայ, անոր ճամբաները տես ու իմաստուն եղիր»: Առակացին մէջ աշխատասիրութեան մասին արդեօք որեւէ մէկ բան կա՞յ գրուած:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2022

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Նոր մոլորակ մը բացայայտած պիտի չըլլամ, եթէ ըսեմ, թէ ի տարբերութիւն Հայաստանի հայերու, պոլսահայը նախապատուութիւնը կու տայ աղջիկ երեխային: Ի հեճուկս հայրենեաց բարքերու, այստեղ ընտանիքի հիմնասիւնը, նուիրեալ զաւակը՝ դուստրերն են. «Տղան կ՚երթայ, աղջիկը կը մնայ:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2022

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Պօղոս առաքեալ Աստուծոյ նախախնամութեամբը եւ շնորհքով հիանալի՜ յարմարութիւն մը ունեցաւ հեթանոսներու առաքեալ ըլլալու պաշտօնէն Քրիստոսի առաքեալ ըլլալու արժանանալով։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այնքան ատեն որ մարդ նիւթապէս աղքատ վիճակի մէջ է, կը կարծէ որ կեանքի մէջ ժամանակը անսահմանափակ է՝ իսկ դրամը սահմանափակ, սակայն կամաց կամաց հարստութեան մը տէր դառնալով կը սկսի հասկնալ, որ իր կեանքը իր համոզումին ամբողջութեամբ հակառակն է... անսահմանափակ է դրամը՝ մինչ ժամանակը սահմանափակ, որուն դիմաց անզօր է նոյնիսկ աշխարհի ամենէն հարուստ ու «բախտաւոր» կարծուած մարդը:

Էջեր