Արխիւ
Ըստ Չավուշօղլուի, կասկած չկայ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ձգտումներու անկեղծութեան ուղղութեամբ:
«Եթէ Հայաստան կ՚ուզէ խաղաղութիւն եւ համագործակցութիւն, ապա պէտք է յարմարի իր իսկ ստորագրած համաձայնագիրներուն»:
Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ կը շարունակէ մշտական քննարկման նիւթ մնալ երկրի այժմու ղեկավարութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ յարաբերութիւններու առկայ ընթացքը։ Այսօր «Հրապարակ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած է գրութիւն մը, որով հերթական անգամ անդրադարձ կը կատարուի այս խնդրին։
Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ երէկուան ԺԱՄԱՆԱԿ-ին մէջ թրքերէնով հրատարակուած ծաւալուն յօդուածին կապակցութեամբ կապ հաստատեց խմբագրութեանս հետ։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի գործունէութեան առջեւ փայլուն հորիզոններ:
Սիպիլ Արսէնեանի մականին ներքեւ այս շաբաթավերջին Քոմոթինիի մէջ, Յունաստան, տեղի կ՚ունենայ երկու համերգ:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը նամակ մը ուղարկեց Հանրապետութեան նախագահին:
Օրթագիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին վիճելի նախաձեռնութիւնը կը շարունակէ մնալ հրատապ օրակարգ:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Մարդասիրութիւնը մարդկութեան բնաւորութեան եւ հոգեւոր ու մտաւոր կառուցուածքին մէկ բաժինն է, իսկ անոր անհատական ու հաւաքական-ընկերային դրսեւորումները շատ են:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Պատարագիչ քահանան «Ի սուրբ, ի սուրբ»ը ըսելէ ետք կը վերադառնայ Սուրբ Սեղանին առջեւ եւ վարագոյրը կը գոցուի: Այս ընթացքին կը կատարուի մեղքերու հաւաքական խոստովանութիւն, որ կը նախորդէ Սուրբ Հաղորդութեան:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
32 տարի առաջ այս օրը՝ 23 օգոստոս 1990 թուականին, դրուեցաւ Հայաստանի անկախութեան գործընթացին սկիզբը: Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդը օգոստոսի 23-ի նստաշրջանին ընթացքին ընդունեց անկախութեան մասին հռչակագիրը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր փաստաթուղթը, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան հետ կը կազմէ երկրին երկու հիմնարար փաստաթուղթերէն մէկը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բարեկամութիւնը, իր ամենալայն առումով կը նշանակէ՝ սիրով, անկեղծութեամբ, կարեկցութեամբ վարուիլ «ուրիշ»ի մը հետ։ Մարդկային հաղորդակցութեան ամենակարեւոր հիմերէն է ճշմարիտ բարեկամութիւնը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ներկայ դարուս ամուսնացող զոյգերու մեծամասնութեան քով արդէն իսկ կամաց կամաց կը սկսի աւելիով տեսնուիլ անպտղաբերութեան՝ անզաւակ ըլլալու հարցը. մեր հայկական շրջանակներուն մէջ եւս կը հանդիպինք բազմաթիւ զոյգերու, որոնք զաւակ չունենալով, որոշ ժամանակ ետք կը սկսին իրենց մէջ սպաննել սէրը եւ զաւակի կարօտը իրենց սիրտին մէջ կը սկսին քակտել ամուսնական կեանքի միութիւնը:
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ։ Այս առթիւ պարզաբանուեցաւ, որ Ատրպէյճան-Նախիջեւան տարանցման վերաբերեալ Հայաստանի տեղական կամ միջպետական նշանակութեամբ ճանապարհներու փակուիլը չի նախատեսուիր։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
«Սուրմալու»ի ողբերգութիւնը քանի մը ուղղութիւններով ուշացած հետեւութիւններու առիթ կու տայ:
Նախ եւ առաջ դէպքին ահաւորութիւնը ցաւակցելու, սգոյ օր յայտարարելու, զոհերու եւ ընդհանրապէս տուժածներու ընտանիքներուն ամէն տեսակի աջակցութիւն ցուցաբերելու հրամայականը կ՚ընդգծէ:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այսօր կը հիւրընկալէ Պաղեստինի Ինքնավարութեան ղեկավար Մամհուտ Ապպասը։ Յետմիջօրէի ժամերուն Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի կ՚ունենայ դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը, որմէ վերջ Էրտողան եւ Ապպաս կ՚ունենան առանձնազրոյց մը։
Ներկայացումները նախատեսուած են նորարար փորձառական արուեստի կեդրոնի (ՆՓԱԿ) երդիքին տակ:
«Եոլճու» թատերախումբը եւ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը երկու ելոյթով հանդէս կու գան Հայաստանի մէջ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ առաւօտ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ Պատրիարքական Աթոռի խրախուսանքով կազմակերպուած Նաւասարդեան խաղերը շաբաթավերջին Գնալը կղզիի մէջ արտասովոր խանդավառութեան առիթ դարձան։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ մեր պաշտօնակից «Փարոս» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Մայտա Սարիս դժբախտութիւնը ունեցած է կորսնցնելու իր սիրեցեալ ամուսինը՝ Նաքի Սարիսը։
Շաբաթավերջին Մեծ կղզիի մէջ բացուեցաւ կղզեբնակ նկարիչներու աւանդական ցուցահանդէսը, որ այս տարի 77-րդ անգամ կազմակերպուած է։ Կղզեաց մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ բացուեցաւ այս ցուցահանդէսը, որու կազմակերպչական աշխատանքները գլուխ հանուած են Թալին Էթեմէզի կողմէ։
ARA KOÇUNYAN
Türkiye'deki Ermeni toplumunun sorunlarından bazılarının çözümü cemaatin iç dinamikleriyle ilgili, bazılarınınki ise devlete bağlı. Burada tabii ki aynı zamanda geçişkenlikler de söz konusu; ancak temelde böyle bir genelleme yapmak pek de yanıltıcı sayılmaz. Gayrimüslim azınlıkların cemaat vakıflarının çok uzun zamandan beri yapılamayan seçimi de, hiç kuşkusuz çözümü doğrudan devlete bağlı sorunlar arasında yer alıyor.
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Բերձորի յանձնման լոյսին տակ. Հայաստանի իշխանութիւնները նոր զիջումներ ընելու մեղքը կը փորձեն բարդել Ռուսաստանին եւ խաղաղապահներուն վրայ:
Պաքուի պահանջներուն պայմաններով, Մոսկուայի հետ յարաբերութիւններու անընդհատ լարուած վիճակը դժուար թէ նպաստէ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի առջեւ ծառացած անվտանգային սպառնալիքներու չէզոքացման: Եթէ համաձայնեցուած ծրագիր մը չկար, հայկական կողմը ինչո՞ւ թոյլ տուաւ, որ Ատրպէյճան ճանապարհաշինական աշխատանքներու ձեռնարկէ իր վերահսկողութենէ դուրս տարածքներու մէջ: