ՎԱՍՏԱԿԱՒՈՐ ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻ ՆԱՏԻԱ ԹԵՔԻՐՕՂԼՈՒԻՆ ԱՆԱԿՆԿԱԼ ՄԵԾԱՐԱՆՔ
Աթագիւղի «Իսփիրթօհանէ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ երէկ մեծարանքի հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ վաստակաւոր ուսուցչուհի Նատիա Թեքիրօղլուի ի պատիւ։ 45 տարի Տատեան վարժարանի մէջ ծառայելէ վերջ հանգստեան կոչուած Նատիա Թեքիրօղլուին տեսակէտէ իսկական անակնկալ մըն էր այս ձեռնարկը, որ կազմակերպուած էր իր սաներու ինքնաբուխ նախաձեռնութեամբ։
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի աշակերտները անցեալ շաբթուան մէջ մասնակցութիւն բերին Պէշիկթաշի Կրթական տնօրէնութեան կողմէ կազմակերպուած BELFEST միջվարժարանային ծրագրին։