ՉՎՏԱՆԳԵԼ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԻՒՆԸ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, 16-21 յունիսին, Արարատեան շաբթուայ տօներու օրերուն, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ միաբանական համագումար, որու աւարտին հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը։
Իսրայէլ-Իրան պատերազմը շաբաթավերջին ա՛լ աւելի ծանրակշիռ փուլ մը թեւակոխեց։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ալ ներգրաւուեցաւ պատերազմին։ ԱՄՆ, որ առաջին իսկ օրէն Իսրայէլի կողքին դիրք գրաւած էր, ռմբակոծեց Իրանը։
Սուրիոյ մայրաքաղաքը Դամասկոսի մէջ երէկ շատ ցաւալի ու նոյնքան մտահոգիչ դէպք մը պատահեցաւ։ Տեղւոյն Ս. Եղիա (Մար Էլիաս) Յոյն Ուղղափառ եկեղեցին ենթարկուեցաւ ահաբեկչական յարձակման։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան վաղը պիտի մեկնի Փեքին։
Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման բարդ գործընթացէն ներս հերթական գագաթնային շփումով պայմանաւորուած նոր ու կարեւոր փուլ մը:
Հանրապետութեան նախագահը այսօր Հայաստանի վարչապետը հիւրընկալելու ընդառաջ երէկ Ատրպէյճանի պաշտօնակցին հետ էր:
Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը եւ «Կերոն» զարգացման հիմնադրամը ստորագրեցին համագործակցութեան յուշագիր մը։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի նոր սերունդի շառաւիղներէն Թալիա Մելքոնեան ծափահարելի յաջողութիւն մը արձանագրած է Լոս Անճելըսի մէջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։