«ԱՊՐԻ ԱՐՄԵՆԻԱ»Ի 2025-Ի ՖՈՐՈՒՄԸ. ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄ
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «ԱՊՐԻ Արմենիա» 2025-ի ֆորումը, որ կազմակերպուած էր՝ «Գտնելով կայունութիւն անկայուն աշխարհի մէջ» խորագրին ներքեւ։ «Մարիոթ Արմենիա» պանդոկի «Տիգրան Մեծ» սրահի երդիքին տակ ծաւալուեցան ֆորումի քննարկումները, որոնք բազմակողմանի նիւթերու վրայ լոյս սփռեցին:
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին վերաբերեալ երէկ ուշագրաւ հրապարակում մը կատարուեցաւ «24 News»ի կողմէ։ Այսպէս, Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ կարգաւորման սպասումները երկար ժամանակէ ի վեր չեն արդարանար գործնական արդիւնք ապահովելու տեսակէտէ, սակայն, այժմ արդէն գործընթացը նոր հարթութեան մը վրայ դնելու հաւանականութիւնը խնդրոյ առարկայ է
Իսրայէլ գիշերուան ժամերուն յարձակեցաւ Իրանի վրայ։ Իսրայէլի բանակի ռազմական գործողութիւններով թիրախաւորուեցան մայրաքաղաք Թեհրանն ու երկրի այլ զանազան քաղաքները։
Եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու առկայ գագաթնային լարուածութեան պայմաններուն ներքեւ, Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ ընկերային ցանցերու վրայ ամփոփ գրառումով մը հանդէս եկաւ՝ «Նիկոլիզմի վերջը» խորագրին ներքեւ։
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ալէն Պերսէն, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան։ ԵԽ-ի ընդհանուր քարտուղարը ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Հայաստանէ ներս յառաջացած եկեղեցի-պետութիւն լարուածութեան պայմաններուն ներքեւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ ուշ գիշերին յորդորեց պահպանել միասնականութիւնը։
Այս օրերուն Հայաստանի մէջ տեղի կ՚ունենան սուր եւ ծայր աստիճան լարուած գործընթացներ, որոնց աղմուկը հասած է մինչեւ միջազգային հարթակներ։ Փաշինեանն ու իր զուգընկերուհին հռետորական ուժգին արշաւ սկսած են ընդդէմ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ անոր հոգեւորականութեան։
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը ներկայիս կը նշէ իր հիմնադրութեան 70-ամեակը։ Վերջերս շուրջ մէկ շաբթուան բազմակողմանի ծրագիր մը կեանքի կոչուեցաւ՝ ի նշանաւորումն այս եզակի յոբելեանին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ