ԳՈՐԻՍԻ ՄԷՋ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՊԱՏՈՒՈՅ ՀԻՒՊԱՏՈՍՈՒԹԵԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ
Երեւան-Փարիզ համագործակցութեան տեսակէտէ երէկ յատկանշական իրադարձութիւններ տեղի ունեցան Գորիսի մէջ։ Այսպէս, Ֆրանսայի պատուոյ հիւպատոսութեան գրասենեակին բացումը հանդիսաւոր արարողութեամբ տեղի ունեցաւ Գորիսի մէջ, ուր, միեւնոյն ժամանակ, կազմակերպուեցաւ Հայաստան-Ֆրանսա ապակեդրոնացեալ համագործակցութեան համաժողովը, որ հինգերորդն էր իր նմաններու շարքին։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի հետ, որոնք շնորհաւորեցին իր ծննդեան տարեդարձը։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, որ Մոսկուայէ վերջ երէկ շփումներ ունեցաւ Քիեւի մէջ, ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Ուքրայնայի ղեկավարութեան կողմէ։ Նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի առընթեր, ան մէկտեղուեցաւ պետական աւագանիէն յառաջատար դէմքերու հետ։
Ճաշուա Հաք Պաքուի մէջ Ճէյհուն Պայրամովի հետ արծարծեց Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութիւնը:
Մատաղ սերունդին ժամանակակից միջավայրով ժամանց ապահովելու ուղղեալ կարեւոր նախաձեռնութիւն:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա զգուշութեամբ յառաջ կը տանի Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը։
Ատրպէյճանի բանակը այս կէսգիշերին դարձեալ թիրախաւորեց Հայաստանի Սիւնիքի մարզը։ Նախընթաց օրուան նման՝ յարձակման ենթարկուեցաւ Խոզնաւար բնակավայրը։ Ժամը 00.10-01.00-ին շարունակուեցաւ կրակը, որու հետեւանքով բնակարան մը վնասուեցաւ եւ փոքր եղջիւրաւոր անասուն մը սատկեցաւ։
Երեւան-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ բարձր մակարդակի կանոնաւոր շփումները կը շարունակուին։ Երէկ, Հայաստանի ղեկավարութիւնը հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի փոխ-տեղակալ Ճաշուա Հաքը, որ ընդունուեցաւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի կողմէ։
Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Փաքիստանի ղեկավարները երէկ հանդիպում մը ունեցան Լաչինի մէջ: